Vatican News

Vatican News Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը, Վատիկանեան եւ եկեղեցական տեղեկութիւններ

Լևոն ԺԴ Պապին խօսքը Մայեսթրօ Ռիքքարտօ Մութիի ղեկավարած Սուրբ Ծննդեան համերգի մասնակցողներունhttps://www.vaticannews.va/h...
12/12/2025

Լևոն ԺԴ Պապին խօսքը Մայեսթրօ Ռիքքարտօ Մութիի ղեկավարած Սուրբ Ծննդեան համերգի մասնակցողներուն
https://www.vaticannews.va/hy/pope/news/2025-12/hy-papa-concerto-natale-riccardo-muti-premio-ratzinger.html

Խօսքը ուղղելով հուսկ Մայեսթրօ Մութիին, որ Ռացինկեր մրցանակը կը ստանայ «ի նշան երաժշտութեան նուիրուած կեանքի մը գնահատանքին» Քահանայապետը յիշեց Պենետիկտոս ԺԶ.ին խօսքերը հայող գեղեցկութեան ուր Ան կը հաստատէ` թէ «Իսկական գեղեցկութիւնը կը վիրաւորէ, կը բանայ սիրտը եւ կը լայնացնէ զայն»։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա հանգուցեալ Պենետիկտոս ԺԶ-ին հետ Մութիին ունեցած յատուկ կապը եւ անոնց հանդիպումները, եւ Քահանայապետի կողմէ անոր շնորհուած «Սուրբ Գրիգոր Մեծի Մեծ խաչ» շքանշանը։

Չ'օգտագործել գաղտնի տեղեկատւութիւնը վախցնելու, խեղաթիւրելու, սպառնալու կամ վարկաբեկելու համար․ Լեւոն ԺԴ․https://www.vati...
12/12/2025

Չ'օգտագործել գաղտնի տեղեկատւութիւնը վախցնելու, խեղաթիւրելու, սպառնալու կամ վարկաբեկելու համար․ Լեւոն ԺԴ․
https://www.vaticannews.va/hy/pope/news/2025-12/hy-leone-xiv-udienza-sistema-di-informazione-per-la-sicurezza.html
Սրբազան Քահանայապետն այսօր ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ անվտանգութեան հետախուզութեան համակարգի անդամներուն․ «Անվտանգութեան գործունէութիւնը չի կրնար չյարգել իւրաքանչիւր անհատի արժանապատւութիւնն ու իրաւունքները»։

Բանտարկեալներու Յոբելեանը. հաւատքի, խորհրդածութեան և յոյսի երեք օրերhttps://www.vaticannews.va/hy/vatican/news/2025-12/h...
12/12/2025

Բանտարկեալներու Յոբելեանը. հաւատքի, խորհրդածութեան և յոյսի երեք օրեր

https://www.vaticannews.va/hy/vatican/news/2025-12/hy-giibileo-carcerati-vaticano.html
Կիրակի՝ 14 դեկտեմբերին, Լևոն ԺԴ-ը Պապը կը գլխաւորէ Յոբելենականն պատարագը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ որուն ընթացքին կ՛օգտագործուին Օփերայի. Սան Վիթթորէ եւ Պոլլաթէ բանտերու սուրբ հաղորդութեան արհեստանոցներու մէջ բանտարկեալներու կողմէ պատրաստուած նշխարները «Հացին իմաստը» նախագիծի շրջագիծէն ներս:

Քահանայապետին պատասխանը Անթոնիօ անունով հոգեբանինhttps://www.vaticannews.va/hy/pope/news/2025-12/hy-piazza-san-pietro-le...
12/12/2025

Քահանայապետին պատասխանը Անթոնիօ անունով հոգեբանին
https://www.vaticannews.va/hy/pope/news/2025-12/hy-piazza-san-pietro-lettera-papa-giovani.html
Լեւոն ԺԴ.ը կ՛առաջարկէ Ծնունդը ապրելու երեք ուղիներ. Իսկական քրիստոնէական վկայութիւն մը, սթափութեան ընտրութիւնը, «խուսափիլ «տոփինկային» գնումներէն» եւ մօտիկութեան գործնական արարք մը, զոր օրինակ ծննդեան ընթրիքին հրաւիրել աղքատ ընտանիք մը կամ առանձնութեան մէջ ապրող անձ մը

Սրբազան Պապը մասնակցեցաւ Գալստեան շրջանի մտածականներու երկրորդ նիստինhttps://www.vaticannews.va/hy/vatican/news/2025-12/...
12/12/2025

Սրբազան Պապը մասնակցեցաւ Գալստեան շրջանի մտածականներու երկրորդ նիստին
https://www.vaticannews.va/hy/vatican/news/2025-12/hy-predicatore-casa-pontificia-avvento-unita-fede-concilio.html

Հայր Փազոլինիի այս տարուայ մտածականներու նիւթն է «Տիրոջ տան վերակառուցում։ Եկեղեցի առանց ընդդիմութեան» նիւթը եւ այսօր ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ ի միջի այլոց հաստատեց` թէ «Հաւատքի միութիւնը միատարրութիւն չէ. իսկական հաղորդակցութիւնը չի վախնար բախումէն, քանի որ տարբերութիւնը գոյութեան քերականութիւնն է»։

Լեւոն ԺԴ. Պապին առաքելական նամակը հնագիտութեան մասինhttps://www.vaticannews.va/hy/pope/news/2025-12/hy-pope-lettera-apos...
11/12/2025

Լեւոն ԺԴ. Պապին առաքելական նամակը հնագիտութեան մասին
https://www.vaticannews.va/hy/pope/news/2025-12/hy-pope-lettera-apostolica-sul-importanza-archeologici.html
Լեւոն ԺԴ. Պապի առաքելական նամակը, որ լոյս տեսաւ Քրիստոնէական Հնագիտութեան Քահանայապետական Հիմնարկութեան հարիւրամեակի առթիւ, կ’ընդգծէ հնագիտութեան անփոխարինելի դերը Եկեղեցւոյ համար, քանի որ այն կը յայտնէ քրիստոնէական հաւատքի պատմական ու շօշափելի մարմնացումը եւ կը հարստացնէ աստուածաբանութիւնը՝ դարձնելով այն ոչ թէ վերացական գաղափար, այլ պատմական իրականութիւն։

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Քրիստոնէական Հնագիտութեան Քահանայապետական հաստատութեան Հարիւրամեակի առթիւ. Հնագէտները՝ խաղաղութե...
11/12/2025

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Քրիստոնէական Հնագիտութեան Քահանայապետական հաստատութեան Հարիւրամեակի առթիւ. Հնագէտները՝ խաղաղութեան եւ յոյսի կրողներ
https://www.vaticannews.va/hy/pope/news/2025-12/hy-pope-discorso-a-docenti-e-studenti-del-pontificio-istituto.html
Լեւոն ԺԴ. Պապը շնորհաւորելով Քրիստոնէական հնագիտութեան Քահանայապետական Համալսարանին հիմնադրման հարիւրամեակը ընդգծեց, որ քրիստոնէական հնագիտութիւնը կարեւոր գործիք է համամիութեան համար, քանի որ կը յայտնաբերէ բոլոր դաւանանքներուն ընդհանուր ակունքները։ Ան կոչ ուղղեց անդամներուն՝ իրենց ուսումներով մասնակցելու «մշակութային դիւանագիտութեան»՝ յանուն կամուրջներու կառուցման եւ համերաշխութեան սնուցման։

Խօսքերը բաւարար չեն։ Մեզի պէտք են եղբայրութեան վկաներ․ Լեւոն ԺԴ․https://www.vaticannews.va/hy/pope/news/2025-12/hy-leone...
11/12/2025

Խօսքերը բաւարար չեն։ Մեզի պէտք են եղբայրութեան վկաներ․ Լեւոն ԺԴ․
https://www.vaticannews.va/hy/pope/news/2025-12/hy-leone-xiv-saluto-commissione-zayed-award-human-fraternity.html
Սրբազան Քահանայապետը այսօր ընդունեց «2026 թուականի Մարդկային եղբայրութեան Զայետ մրցանակի» Քննիչ յանձնաժողովի անդամները․ «Աճող հակամարտութիւններով եւ բաժանումներով նշանաւորուած ժամանակներու մէջ մեզի պէտք են մարդկային բարութեան եւ գթասիրութեան իսկական վկաներ, որոնք մեզի յիշեցնեն, որ բոլորս ալ եղբայրներ եւ քոյրեր ենք»։

«Աստուած ճշմարիտ իրականութիւնն է» Պենետիկտոս ԺԶ Պապին անտիպ գիրքի ներկայացումըhttps://www.vaticannews.va/hy/vatican/news...
11/12/2025

«Աստուած ճշմարիտ իրականութիւնն է» Պենետիկտոս ԺԶ Պապին անտիպ գիրքի ներկայացումը
https://www.vaticannews.va/hy/vatican/news/2025-12/hy-presentazione-libro-inedito-benedetto-xvi.html
Գիրքին մէջ պարունակուած են Պենետիկտոս ԺԶ Պապին 2005 – 2017 անտիպ քարոզները։ Գիրքը հրատարակուած է Վատիկանի հրատարակչատան կողմէ ու կազմուած է 448 էջերէ։

Սուրբ Ծննդեան համերգը Վատիկանի մէջ. Լևոն ԺԴ.-ը Ռիքքարտօ Մութիին կը շնորհէ 2025 թուականի Ռացինկեր մրցանակըhttps://www.vat...
11/12/2025

Սուրբ Ծննդեան համերգը Վատիկանի մէջ. Լևոն ԺԴ.-ը Ռիքքարտօ Մութիին կը շնորհէ 2025 թուականի Ռացինկեր մրցանակը
https://www.vaticannews.va/hy/pope/news/2025-12/hy-papa-concerto-natale-muti-premio-ratzinger.html

«Gravissimum Educationis – Մշակոյթ կրթութեան համար» Քահանայապետական հիմնարկի կողմէ եւ «Galileo Foundation» օժանդակութեամբ կազմակերպուած Երեկոյի ժամանակ, Սրբազան Քահանայապետը մայեսթրօ Մութիին պիտի յանձնէ 2025 թուականի «Ռացինկեր» մրցանակը, որ ամէն տարի կը շնորհուի մշակոյթի և արւեստի ոլորտի ականաւոր գործիչներուն:

Indirizzo

Vatican City

Notifiche

Lasciando la tua email puoi essere il primo a sapere quando Vatican News pubblica notizie e promozioni. Il tuo indirizzo email non verrà utilizzato per nessun altro scopo e potrai annullare l'iscrizione in qualsiasi momento.

Contatta L'azienda

Invia un messaggio a Vatican News:

Condividi

Vatican News

Vatican News-ը , Սուրբ Աթոռի տեղեկատուական նոր համակարգն է: Կʼարտայայտուի եւ կը գործէ բազմալեզու, բազմամշակութային, բազմա-ալիքային, բազմա-մետիա եւ բազմա-սարքային հարթակներու միջոցաւ։ Ունի նիւթերու չորս բաժանմունքներ որոնք կը տեղեկացնեն Քահանայապետին, Սուրբ Աթոռին ու տեղական եկեղեցիներու գործունէութեան մասին, տեղ ապահովելով նաեւ աշխարհի լուրերուն: