17/09/2026
Վերամուտ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ուսումնական նոր տարեշրջանի մը սեմին ենք արդէն: Մէկ խօսքով` դպրոցական վերամուտ: Սա նաեւ կը նշանակէ վերադարձ դէպի վարժարան, իսկ հայ աշակերտին համար` հայ դպրոց: Նոր պատեհութիւն: Տարբեր ուրախութիւն եւ հպարտանք: Այս բոլորը կը տեսնենք եւ կը զգանք, որովհետեւ իբրեւ հայեր, մանաւանդ` սփիւռքահայեր, մեզի համար հայ վարժարանը ոչ միայն հայ աշակերտին երկրորդ տունը նկատած ենք, այլ` իբրեւ հիանալի եւ հարազատ պատմական կառոյց եւ նոյնքան ալ հայ ընտանիքը յիշեցնող` հաճելի, տաքուկ եւ իմաստալից համալիր:
Ինծի ու անկասկած բոլորիս համար ալ վերամուտը խանդավառող, յուզիչ ու հպարտութիւն առթող երեւոյթ մը ըլլալէ չի դադրիր: Գեղեցիկ եւ տպաւորիչ է դպրոցներու վերաբացման առաջին օրն իսկ տեսնել եւ դիտել հայ աշակերտին կրկին ներկայութիւնը հայ վարժարանի սեմին:
Շարունակութիւն՝
https://www.aztagdaily.com/archives/703768