Aztag Daily

Aztag Daily Ազդակ օրաթերթ | Armenian daily newspaper in Lebanon since 1927

Խմբագրական. Լիզպոնի Ուղերձը Այսօր. Պահպանե՛լ Անկախութեան Հռչակագիրին ՍահմանադրականութիւնըԼիզպոնի արարքին հետապնդած նպատա...
26/07/2025

Խմբագրական. Լիզպոնի Ուղերձը Այսօր. Պահպանե՛լ Անկախութեան Հռչակագիրին Սահմանադրականութիւնը

Լիզպոնի արարքին հետապնդած նպատակը Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն շատ աւելի հեռու կ՛երթար: Լռութեան պատը քանդուած էր արդէն մինչեւ Լիզպոն: Լիզպոնը Ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարում կը հետապնդէր: Տարածքային պահանջներ կային հերոսներու վերջին ուղերձներուն մէջ: Ամփոփ` Լիզպոնի ինքնազոհաբերումը երէկուան եւ վաղուան Հայաստանին համար էր: Պատմական Հայաստանին: Միացեալ Հայաստանին:

Այդ չի նշանակեր անշուշտ, որ երէկուանին եւ վաղուանին միջեւ գտնուող օրուան խորհրդային Հայաստանը շրջանցելի էր: Այդ օրերուն Հայաստանը անկախ չէր: Սակայն միացեալ Հայաստանի առաջադրումին համար կարեւորագոյն օրրան: Հայրենիքի շօշափելի այն հատուածը, որ փրկուած էր մայիսեան հերոսամարտերու շնորհիւ, եւ որ պիտի վերանկախանար Լիզպոնէն ընդամէնը 8 տարի ետք:

Շարունակութիւն՝

Լիզպոնի արարքին հետապնդած նպատակը Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն շատ աւելի հեռու կ՛երթար: Լռութեան պատը քանդուած էր արդէն մինչեւ Լիզպոն: Լիզպոնը Ցեղասպանո....

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Ծանօթացման Մամլոյ ԱսուլիսըՀամա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերու պաշտօնական բացումէն երեք օ...
24/07/2025

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Ծանօթացման Մամլոյ Ասուլիսը

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերու պաշտօնական բացումէն երեք օր առաջ, չորեքշաբթի, 23 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Երեւանի «Մարիոթ» հիւրանոցի «Արարատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մարզախաղերու ծանօթացման մամլոյ ասուլիսը, որուն ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատուներ, մարզական պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հայրենի մամուլի հրաւիրեալներ:

Մամլոյ ասուլիսին բացումը կատարեց եւ ներկաները ողջունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հանրային կապերու յանձնախումբի անդամ Նժդեհ Մկրտիչեան:

Շարունակութիւնը՝

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերու պաշտօնական բացումէն երեք օր առաջ, չորեքշաբթի, 23 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Երեւանի «Մարիոթ» հիւրանոցի «Արարատ» սրահին մէջ տեղի ո...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց Պելճիքայի Խորհրդարանին Կողմէ Արցախի Մասին Բանաձեւի ՈրդեգրումըՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատ...
24/07/2025

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց Պելճիքայի Խորհրդարանին Կողմէ Արցախի Մասին Բանաձեւի Որդեգրումը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Առնու Փաուելզին նամակ մը յղելով ողջունեց 18 յուլիսին Պելճիքայի խորհրդարանին կողմէ «Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ» բանաձեւի միաձայնութեամբ որդեգրումը:

Հայ դատի մարմինը նշեց. «Կազի որեւէ քանակ կամ հարստութիւն չի կրնար մաքրել մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները կամ արդարութեան համար պայքարողները լռեցնել»:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը պելճիքական կառավարութեան կոչ ուղղեց` ականջ տալու պելճիքացի օրէնսդիրներու կոչին:

Հայ դատի մարմինը այս առնչութեամբ հաղորդագրութիւն մըն ալ յղեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Առնու Փաուելզին նամակ մը յղելով ողջունեց 18 յուլիսին Պելճիքայի խորհրդարանին կողմէ «Լեռնային Ղարաբ...

Մշակոյթի Նախարար Ղասսան Սալամէի «Լիբանանը Կեդրոն Ինքնութեան Եւ Շրջանի Կերպարանափոխութիւնը» Նիւթով ԴասախօսութիւնԼիբանանի ...
24/07/2025

Մշակոյթի Նախարար Ղասսան Սալամէի «Լիբանանը Կեդրոն Ինքնութեան Եւ Շրջանի Կերպարանափոխութիւնը» Նիւթով Դասախօսութիւն

Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէ յատուկ դասախօսութիւն մը տուաւ 26 յունիս 2025-ին, Պէյրութի հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ` «Լիբանանը` ինքնութիւն եւ շրջանային կերպարանափոխութիւն» խորագիրով: Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ եկեղեցւոյ կողմէ 2025-2026 տարուան ընթացքին կազմակերպուած գործունէութիւններուն, որոնք կը կրեն «Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն» բնաբանը:

Շարունակութիւն՝

Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէ յատուկ դասախօսութիւն մը տուաւ 26 յունիս 2025-ին, Պէյրութի հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեց...

https://youtu.be/u_2QuThbivY
22/07/2025

https://youtu.be/u_2QuThbivY

79_Հայաստանի Ա․ Հանրապետութիւնը եւ Եւրոպական միտքը, 17 Յուլիս 2025Դասախօս՝ Դոկտ․ Համօ Սուքիասեան

21/07/2025

📌 Մերձավոր Արևելքում կայունությունը դեռ չի նշմարվում | ReOpen MediaReOpen Media - Փաստահեն, բարձրորակ բովանդակություն, որ արտացոլում է Հայաստանի մշակույթը, ...

https://www.aztagdaily.com/archives/655007
21/07/2025

https://www.aztagdaily.com/archives/655007

ՀՅԴ Համաերիտասարդական բանակումը, Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերն ու Համազգայինի Ֆորումը Հայաստանի մէջ կայացնելու որոշումները ներկայ փուլին ունին յատուկ նշանակութիւն:Իշխան...

19/07/2025

Radar Armenia-ի զրուցակիցն է միջազգայնագետ Շահան Գանտահարյանը։

19/07/2025

Պելճիքայի Դաշնակցային Խորհրդարանը Արցախի Մասին Բանաձեւ Մը Որդեգրելով Դատապարտեց Ազրպէյճանը
Պելճիքայի դաշնակցային պալատին ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու պալատը 18 յուլիսին միաձայնութեամբ որդեգրած է «Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ» բանաձեւը:

Այս բանաձեւը սկիզբէն դրական կարծիք ստացած էր Պելճիքայի Դաշնակցային խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէն` 2 յուլիսին տեղի ունեցած միաձայն քուէարկութեան բերմամբ:

Բանաձեւը ներկայացուած է պատգամաւորներ Էլս Վան Հուֆի եւ Միշել Տը Մաքտի կողմէ: Անիկա հիմնուած է նախորդ խորհրդարանական դիրքորոշումներու, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած նմանատիպ փաստաթուղթերու վրայ:

Շարունակութիւն՝

https://www.aztagdaily.com/archives/654893

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւ Մը Ներկայացուած Է Իրլանտայի ԽորհրդարանինԲրիտանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը հաղորդեց, ...
19/07/2025

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւ Մը Ներկայացուած Է Իրլանտայի Խորհրդարանին
Բրիտանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը հաղորդեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման միջկուսակցական բանաձեւ մը ներկայացուած է Իրլանտայի խորհրդարանի ստորին պալատին:

Բանաձեւը, որ կը վայելէ Մարդիկ շահերէն առաջ, Միասնականութիւն, Շին Ֆէյն, Ընկերվար- ժողովրդավարներ եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններու զօրակցութիւնը, կ՛ընդգծէ, թէ թրքական կառավարութեան 1915 թուականի ցեղասպանութիւնը ճանչնալու շարունակ մերժումը ոչ միայն իր սեփական անցեալին հետ հաշտութիւնը կ՛արգիլէ, այլ նաեւ կը խանգարէ ընթացքը դէպի իսկական ժողովրդավարութեան ուղին:

Բանաձեւը իրլանտական կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ լիարժէք մասնակցութիւն բերելու Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին: Անիկա նաեւ աշխարհի տարածքին այլ կառավարութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Բանաձեւը նաեւ կը ջատագովէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք է դպրոցներու մէջ ուսուցանուի իր իսկական պատմական շրջագիծին մէջ, եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային յիշողութեան օրուան հաստատումը կը ջատագովէ:

Բրիտանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը հաղորդեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման միջկուսակցական բանաձեւ մը ներկայացուած է Իրլանտայի խորհրդարանի ստորին պալատին:Բանաձե....

ՀՄԸՄ-ի Աւելի Քան 600 Սկաուտներ Այցելեցին Արամ Ա. Վեհափառ ՀայրապետինՀինգշաբթի, 17 յուլիս 2025-ի յետմիջօրէին Հայ մարմնակրթ...
19/07/2025

ՀՄԸՄ-ի Աւելի Քան 600 Սկաուտներ Այցելեցին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին
Հինգշաբթի, 17 յուլիս 2025-ի յետմիջօրէին Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան աւելի քան 600 սկաուտներ` արի ու արենուշներ, երէցներ ու պարմանուհիներ, այցելեցին Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանք եւ ստացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը:

Յիշեալ այցելութիւնը մաս կը կազմէր ՀՄԸՄ-ի կազմակերպած միջցամաքամասային բանակումի ծրագիրին:

ՀՄԸՄ-ի անունով խօսք առնելով` ընդհանուր խմբապետ Ալիք Տէր Պետրոսեան-Մելքոնեան վեհափառ հայրապետին ներկայացուց բանակումի ծրագիրին ու նպատակին մասին ամփոփ տեղեկութիւններ: Իր խօսքի աւարտին ան իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց հայրապետին` հիւրընկալութեան համար եւ սկաուտական փողկապ մը յանձնեց անոր` իբրեւ խորհրդանշական յիշատակի նուէր:

Շարունակութիւն՝

https://www.aztagdaily.com/archives/654800

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Վերանորոգուած Յարկի Բացման Հանդիսութիւն` Նուիրուած Դրօ Մանտալեանի ՅիշատակինՈւրբաթ, 11 յուլիս...
18/07/2025

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Վերանորոգուած Յարկի Բացման Հանդիսութիւն` Նուիրուած Դրօ Մանտալեանի Յիշատակին
Ուրբաթ, 11 յուլիս 2025-ին ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղը հանդիսաւոր կերպով նշեց իր նստավայրի վերանորոգուած յարկի բացման արարողութիւնը: Յարկը ամբողջութեամբ վերանորոգուեցաւ ի յիշատակ Դրօ Մանտալեանի, որուն յուշանկարին դիմաց կատարուեցաւ յարկի բացումը:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ծովինար Ժալըֆեան: Մասնաճիւղի ատենապետ Կարօ Պէրպէրեան արտասանեց վարչութեան խօսքը` ընդգծելով, որ ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը կը շարունակուի հետեւողական նուիրումով, եւ այսօրուան հանդիսութիւնը վկայ է այդ շարունակականութեան: «Այսօր կը նշենք վերանորոգուած յարկի բացումը: Յարկ մը, որուն պատերը վկան կը հանդիսանան ՀՄԸՄ-ի նուիրումին, պատմութեան եւ մեր երէց եղբայրներուն յիշատակին: Այդ երէցներէն էր նաեւ Դրօ Մանտալեանը` վստահութիւն, խաղաղութիւն եւ նուիրում մարմնաւորած անձնաւորութիւն մը, որուն ժառանգութիւնը այսօր կը շարունակուի», նշեց ան:

Շարունակութիւն՝

https://www.aztagdaily.com/archives/654686

Address


Opening Hours

Monday 08:00 - 18:00
Tuesday 08:00 - 18:00
Wednesday 08:00 - 18:00
Thursday 08:00 - 18:00
Friday 08:00 - 18:00
Saturday 08:00 - 14:00

Website

https://linktr.ee/aztagdaily, https://aztagarabic.com/

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Aztag Daily posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Business

Send a message to Aztag Daily:

Shortcuts

  • Address
  • Opening Hours
  • Alerts
  • Contact The Business
  • Claim ownership or report listing
  • Want your business to be the top-listed Media Company?

Share