Yerakouyn

Yerakouyn Արեւմտահայերէն լրատւութիւն Հայաստանէն, Սփիւռքէն եւ ամ

Yerakouyn.com-ը աանկախ գործող արեւմտահայերէն լրատուական կայք է, ստեղծուած 2012-ի Սեպտեմբեր 21-ին։

Yerakouyn-ը կը գործէ արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման ծառայող խումբի մը կողմէ։

Yerakouyn-ը հնարաւորութիւն կու տայ իր ընթերցողներուն իր էջին մէջ մէկտեղուած Սփիւռքի, Հայաստանի եւ աշխարհի լրատուամիջոցներէն քաղուած կարեւոր ու հաւաստի լուրերը, յօդուածներն ու հարցազրոյցները արեւմտահայերէն կարդալու:



Yerakouyn-ը նպատակ ունի ընթերցողները իրազեկելու հաւաստի եւ արագ տեղեկատւութեամբ, ինչպէս նաեւ նպաստելու արեւմտահայերէն լեզուի պահպանման եւ զարգացման։

30/08/2026

ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԵՐՇՆՉԱՐԱՆՆ Է, ՍՓԻՒՈՔԸ ԱՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ՝ ԱԶԳԻՆ ԿԵՆՍԱՏԱՐԱԾՔԸ

Գրիգոր Տունկեան

Հայերուս նման այլ ազգեր եւս ունին Հայրենիք եւ Սփիւռք, իւրաքանչիւրը իր իւրայատկութիւններով:

Առանձնապէս Հայկական Սփիւռքի պատմախօսութիւնը կատարելու պարտաւորուած պիտի չզգայի, եթէ անցնող օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի ամպիոնէն ՔՊ-ական ներկայացուցիչին կողմէ նորագոյն եզրակացումով մը չբարձրաձայնուէին այն միտքերը, որոնց համաձայն, իբրեւ թէ Սփիւռքի հզօրացումը կրնայ հակադրուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան կամ թուլցնել զայն, եւ հանրութեան մօտ տիրող «ուժեղ Սփիւռք կը նշանակէ ուժեղ Հայրենիք» համոզումը «Միֆ» (Առասպել) կոչուած չըլլար։

Այս արտայայտութիւնները խորամանկութեամբ շարահիւսուած, ամբաստանութեամբ պարուրուած արժեզրկում են պարզապէս Սփիւռքի դերակատարութեան։

Որպէս սփիւռքահայ չէի կրնար ի տես այս հերետիկոսութեան լուռ անցնիլ։

Կարելի համառօտութեամբ պիտի անդրադառնամ հոս Հայկական Սփիւռքի գոյապատճառներուն՝ ներկայացնելու համար ընկալումներս։

Սփիւռք եզրոյթը հայ իրականութեան մէջ առաւելաբար սկսած է գործածուիլ 20-րդ դարուն, յատկապէս Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած բռնագաղթերու եւ Ցեղասպանութեան հետեւանք աշխարհով մէկ ցրուած հայութեան որպէս անուանում։ Այս բնութագրով մեզի համար Սփիւռք եզրը հայրենի դարաւոր բնօրրանէն բռնագաղթուածներով, ցեղասպանութենէն փրկուածներով ու անոնց շառաւիղներով վերականգնած ու աշխարհով մէկ տարածուած մեր ժողովուրդի ցրուածութեան տրուած անուանումն է, որ էապէս տարբեր է մինչ այդ, զանազան ժամանակերու մէջ, այլաբնոյթ պատճառներով, երբեմն նաեւ կամաւոր կերպով հայրենիքէն դուրս գալով հայրենամերձ թէ հեռաւոր ոստաններու մէջ կայք հաստատած հայերով ստեղծուած գաղթավայրերէն։

Սփիւռքի մէջ հաստատուած հայութիւնը, յաճախ հայկական անկախ պետականութեան չգոյութեան պայմաններուն մէջ, ինքնութիւն պահելու համար ժամանակի ընթացքին ստեղծած է ազգային հաւաքական կեանքի գոյատեւման անհրաժեշտ կռուաններ՝ եկեղեցի, դպրոց, զանազան կառոյցներ եւ անոնց շուրջ համախմբուած, ազգային հաւաքական կեանք, մշակոյթ պահած է, երբեմն ալ ստեղծած, ծաղկած ու զարգացած է։ Այս գաղթօճախներէն ոմանք նաեւ ապահով ապաստան հանդիսացած են մինչեւ առաջին համաշխարհայինի աւարտը բռնագաղթերէն եւ ցեղասպանութենէն փրկուած հայու բեկորներուն։ Այդ պատճառով ալ ուռճացած են, տակաւին այլ վայրերու մէջ ուղղակի այդ պատճառով յառաջացած են նորերը։

Գաղթօճախներն ու Սփիւռքի զանազան շրջանները թէեւ իրենց գոյաւորման պատճառականութեամբ ունեցած են որոշ տարբերութիւններ, սակայն համընդհանուր նկարագիրով եղած են ազգայնական ու պահանջատէր։ Աշխարհաքաղաքական այլազան գօտիներու մէջ յայտնուած, երբեմն ալ բազմակրօն ու բազմամշակոյթ միջավայրերու մէջ նաւարկած հայրենազուրկ հայկական Սփիւռքը, չունենալով սեփական պետականութեան նեցուկը, ապաւինած է իր հնարաւորութիւններուն։

Սփիւռքի կազմակերպման մէջ առաւել կամ նուազ դերակատար եղած են հայ քաղաքական կուսակցութիւններն ու հայ եկեղեցին։ Սփիւռքահայութիւնը իր ապրած երկիրներուն մէջ ի՛նք ստեղծած է իր ինքնութեան պահպանման կռուանները եւ գոյաւորած հաւաքական կեանքի շարունակման անհրաժեշտ կենսամիջավայրը։

Հայկական Սփիւռքը անցած է նաեւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի բովէն, երբեմն ներհակ գօտիներու մէջ ըլլալու ամբողջ դժուարութիւններով, յոյսերով ու պատրանքներով։

Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւնները, յատկապէս խորհրդային ամբողջատիրութեան շրջանին, յայտնուած են պաղ պատերազմի բուռն կիզակէտին։ Խորհրդային իշխանութիւններու գաղափարական ուղղուածութիւնն ու հայ ազգային գաղափարախօսութիւնը ներհակ էին։ «Երկաթեայ վարագոյր»-ի երկու կողմերուն հայոց կաղնիի երկու ճիւղերը շարունակած են իրենց գոյերթը․ Հայաստանի մէջ՝ զգուշաւոր կերպով, մինչդեռ՝ Սփիւոքի մէջ համեմատաբար աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ։

Ինքնութեան պահպանումով գոյատեւման կողքին, Սփիւռքի ուսերուն հանգչած է, որպէս հայկական պետականութիւն՝ Խորհրդային Հայաստանի եւ հայրենաբնակ զանգուածին զօրակցութիւնը, բնականաբար որպէս ցեղասպանութեան եւ իրաւազրկման զոհերու իրաւայաջորդ, ցեղասպանէն, յանուն ազգին, պահանջատէր ներկայանալու սրբազան պարտաւորութեան կողքին։ Այս բոլորը կը պահանջէին առաջին հերթին կազմակերպուածութիւն։

Այս մարտահրաւէրները յաղթահարած հայկական Սփիւռքը ստեղծած է այնպիսի իրավիճակ, որ Սփիւռք ունեցող երկիրներէն շատ քիչեր յաջողած են ունենալ։

Ցեղասպանութենէն վերապրողները ծնունդ տուին ինքնաճանաչ սերունդներու, որոնք իրենց ծննդավայրերուն լիիրաւ քաղաքացիները ըլլալու կողքին, պահեցին ու զօրացուցին իրենց ազգային կառոյցները եւ հնրաւորութիւնները, պահանջատէր ներկայացան ցեղասպանին, պահեցին տեսլականը Ազատ, Անկախ, Միացեալ Հայաստանի, 1990-ականներէն սատարեցին Արցախի ազատագրական պայքարին եւ վերանկախացած հայրենիքի կառուցման ու հզօրացման գործընթացին։

Մինչ շուրջ եօթանասուն տարիներ ետք, Խորհրդային Միութեան փլուզումը կանխող տարիներուն, տեղաշարժի ազատութեան մասամբ վերադարձով, խորհրդային տարածքներէն, ապա վերանկախացած Հայաստանէն արտագաղթողներով, ետին անկախ հայրենիք մը թողած զանգուած մը յայտնուած է Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներու եւ մանաւանդ ԱՄՆ արեւմտեան շրջանին մէջ՝ մեր յիշատակած գոյաւորման պատճառականութեան մէջ նոր երանգ մը աւելցնելով։

ՀՀ-Սփիւռք յարաբերութիւններու արդիւնաւորումը առաւելաբար կախեալ եղած է ո՛չ թէ միայն Սփիւռքէն, որուն համար հայրենիքը միշտ ալ ներշնչարան եղած է, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւններուն կողմէ Սփիւռքի ճիշդ ընկալումէն, խորհրդային թէ վերանկախացեալ ժամանակներուն հաւասարապէս։

Ձախողութեան մատնուած են Սփիւռքը ազգի բաղադրիչ ընդունելու փոխարէն անոր հետ որպէս ՀՀ իշխանութիւններու կամակատար վերաբերողները։ Այդուհանդերձ, Սփիւռքը Հայրենի պետութիւնն ու անոր ժամանակաւոր իշխանաւորները անջատաբար արժեւորելու երկար փորձ ունեցած է։

Ուժեղ Սփիւռքը հայրենիքի հաշուոյն չէ որ ուժեղացած է, այլ՝ ինքնագերազանցումով ձգտած է եւ կը ձգտի զօրանալ ինքնութեան պահպանման եւ հայրենիքին համար, որուն ուժեղ նեցուկն է, ո՛չ թէ թուլացման պատճառը։ Խնդիրը կը կայանայ հայ ազգային ներուժը խելամիտ համադրումով նպատակաուղղելու ունակութեան մէջ։

2018-ին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը զբաղեցուցած այրերը առիթ չեն փախցներ սեպ խրելու՝ զիրենք կանխող իշխանութիւններու օրով գոնէ համեմատաբար սերտաճած Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններուն միջեւ։

Հայաստան-Սփիւռք համահայկական խորհրդաժողովներու առաջինը գումարուած է 1999-ին, 6-րդը 2017-ին, միջանկեալ համահայկական բազմապիսի այլ նախաձեռնութիւններու կողքին։

Երբ ուզուած է տկարացնել Հայաստանը, յաճախ փորձ կատարուած է եւ կը կատարուի անջատ-անջատ տեսնել տալ ու բնորոշել Հայրենիքն ու Սփիւռքը։

Մենք զանոնք կը տեսնենք մէ՛կ եւ զիրար լրացնո՛ղ ամբողջութիւն, որովհետեւ Ազգը մէ՛կ է, կենսավայրերն են տարբեր։

Մեզի համար Հայրենիքը կը մնայ Սփիւռքի ներշնչարան, Սփիւոքը Հայրենիքի սահմաններէն անդին Ազգի կենսատարածք։ Հայրենիք եւ Սփիւռք գոյականները լոկ եզրեր չեն, այլ ապրող եւ արարող, ազգը համալրող կենսամիջավայրեր։

Այսօր՝ Թորոնթոյի Մէջ, տեղական ժամանակով երեկոյեան ժամը 7:00-ին
27/08/2026

Այսօր՝ Թորոնթոյի Մէջ, տեղական ժամանակով երեկոյեան ժամը 7:00-ին

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Նամակը՝ Ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանին Եւ Ազգա...
27/08/2026

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Նամակը՝ Ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանին Եւ Ազգային Ժողովի Անդամներուն
http://yerakouyn.com/2026/08/27/%d5%b0%d5%a2%d5%a8%d5%b4-%d5%ab-%d5%af%d5%a5%d5%a4%d6%80%d5%b8%d5%b6%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%b6-%d5%be%d5%a1%d6%80%d5%b9%d5%b8%d6%82%d5%a9%d5%a5%d5%a1%d5%b6-%d5%b6%d5%a1%d5%b4%d5%a1%d5%af%d5%a8%d5%9d/

Երկրի վարչապետը սպառնում է՝ ասելով, որ ունեցուածքից կզրկի ինձ, մեզ, երեխաներիս:Իմ կեանքի արժէքները ունեցուածքով ոչ սկսւո...
26/08/2026

Երկրի վարչապետը սպառնում է՝ ասելով, որ ունեցուածքից կզրկի ինձ, մեզ, երեխաներիս:

Իմ կեանքի արժէքները ունեցուածքով ոչ սկսւում են, ոչ աւարտւում: Ի՞նչ դրանով վախեցնելն անիմաստ է: Աշխատում եմ 7,8 տարեկանից:

Ստեղծածս էլ քանդես՝ նորը կը ստեղծեմ:

Իմ փոխարէն ոչ գրում ես, ոչ ստեղծագործում: Միայն քանդում ես ու փչացնում:

Իմ կենը հայկական է: Վանքս էլ քանդես՝ ուրիշ տեղ կը կառուցեմ:

Սիրուշօ

Address

Yerevan

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Yerakouyn posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Business

Send a message to Yerakouyn:

Shortcuts

Share