18/08/2024
Ի՞նչպէս կարելի է իրապաշտ ըլլալ մարդկային ճակատագրի այս պայմաններուն մէջ եւ ունենալ յաւակնութիւնը իրականութիւնը տեսնելու: Ճշմարտութիւնը միշտ կը խուսափի մենէ: Փակ ենք մարմինով ու հոգիով արտաքին աշխարհին առջեւ: Եւ սակայն, մեր մարմինն ու գիտակցութիւնը կ’աճին այդ աշխարհին շնորհիւ: Անհունութիւն մըն ենք մենք մեր մէջ: Եւ սակայն աննշան կէտ մըն ենք արտաքին ու մանաւանդ տիեզերական անհունութեան մէջ: Շատեր զերծ են անշուշտ այս բարդութիւններէն եւ կեանքը կ’առնեն եղածին պէս ու կը վայելեն, բայց անոնց գինովութիւնն ու կուրութիւնը չեն ջնջեր այդ բարդութիւնը՝ որուն
տեղեակ են ոմանք եւ այս վերջիններն են ի վերջոյ որ կը ներկայացնեն քաղաքակրթութիւնը եւ կը բացատրեն հայելիներուն խաղը, հոգիէ հոգի եղող արձագանգը, իրարու արձագանգը:
Բարդութիւն մը: Կը դատենք աշխարհը անկէ ստացած մեր միջոցներով: Եւ կրնանք սխալ ստացումներ ունենալ միայն, համաձայն մեր զարգացումին եւ գիտակցութեան,
որոնք շատ աւելի անվստահելի պէտք է ըլլան, քանի որ տիրացած ենք անոնց անցեալին մէջ՝ երբ նուազ կատարեալ էինք: Կասկածելի է մեր մտաւոր ամբողջ կառուցուածքը: Ու կու գայ օր մը երբ մեր բնազդները կ’աղաղակեն մեր գերութեան դէմ, որուն կ’ենթարկէ մեզ մեր անձը, գերին՝ իր կարգին արտաքին աշխարհին: Եւ մեր շեշտուած անհատապաշտութեան մէջ իսկ կը զգանք թէ տէրը չենք մեր էութեան: Բայց կը զգանք նոյն ատեն թէ մենք անձնականութիւն մըն ենք, ըլլալով այլակերպումը դուրսի աշխարհին, տարբեր մեր շուրջիններէն մեր մէջ կատարուած յեղաշրջումովը:
Նման ենք բոլորս ալ իրարու շատ մը կիրքերով ու առաքինութիւններով, բայց այս բոլորը՝ վարիասիոնով մը, որ կը շեշտէ մեր անհատականութիւնը: Ճշմարտութիւնները տարբեր արտացոլումներ կ’ունենան ամեն մէկ էակի մէջ,
ամեն տարիքի համաձայն, համապատասխան առողջ կամ տկար մեր մարմինին ու հոգիին:
ՆԻԿՈՂՈՍ ՍԱՐԱՖԵԱՆ
Գրական բնանկարներ
ՆԻԿՈՂՈՍ ՍԱՐԱՖԵԱՆ
ԳՐԱԿԱՆ ԲՆԱՆԿԱՐՆԵՐ
Աշխատասիրութեամբ Գրիգոր Պըլտեանի
Սարգիս Խաչենց, Փրինթինֆո
Երեւան 2022
Այս ժողովածուն կ'ամփոփէ Նիկողոս Սարաֆեան բանաստեղծի (1902-1972) փորձագրական էջերուն մեծ մասը. էսսեներ, քննադատական էջեր, ուսումնասիրութիւններ, խոհական յօդվածներ հայ եւ օտար գրականութեանց մասին ընդհանրապէս։ Տարաբնոյթ եւ նոյն ատեն ներքին կապերով ամբողջ մը կը կազմեն, իրենց սեւեռումներով։ Կը լուսաբանեն Սարաֆեան բանաստեղծն ու արուեստագէտը։ Գրութիւնները նախապէս տպուած են սփիւռքահայ մամուլին մէջ։ «Յաւելված» բաժինին մէջ կը տրուին երկու անտիպ աշխատութիւններ, գրողի արխիւէն առնուած։