Դրօշակ

Դրօշակ ՈՉ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԷՋ

Այս էջին վրայ կը հրապարակենք https://arftroshag.blogspot.com/ -ի նիւթերը

Հոկտեմբեր 26-ը յիշատակելի կը մնայ յեղափոխական տարերգութեան մէջ: ..Կռւում թշնամու կողմից մասնակցել են այս ու այն կողմից հ...
26/10/2025

Հոկտեմբեր 26-ը յիշատակելի կը մնայ յեղափոխական տարերգութեան մէջ:
..Կռւում թշնամու կողմից մասնակցել են այս ու այն կողմից հաւաքւած 800 հոգի զօրք (հետեւակ), 300 հոգի կանոնաւոր հեծելազօրք եւ 5 աշիրէթ (ցեղ) քիւրդ. Մինչեւ անգամ Սիփկանցի քիւրդեր էլեն մասնակցել կռւում:

Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնա....

20 Հոկտեմբերը Հայ ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ կարեւոր իրադարձութեան օրերէն մէկն է. այս օրը՝ 1898 թուականին, տեղի ...
20/10/2025

20 Հոկտեմբերը Հայ ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ կարեւոր իրադարձութեան օրերէն մէկն է. այս օրը՝ 1898 թուականին, տեղի ունեցաւ Բաբշէնի կռիւը: Այս կռիւը ճակատագրական եղաւ յատկապէս Աղբիւր Սերոբի եւ իր ընտանիքին համար. կռիւին հետեւած հալածանքներուն պատճառով Սերոբ ընտանիքով տեղափոխուեցաւ Սասուն:

Կը ներկայացնենք ՀՅԴ մտաւորական-ռազմիկ Արմենակ Ղազարեանի (Հրայր Դժոխք) կարծիքը՝ Բաբշէնի կռիւին մասին:

Կռուի մանրամասները՝ https://arftroshag.blogspot.com/2023/10/blog-post_20.html

Ալ բաւական է որքան զգուշացանք վրէժխնդրական արարքներէ: Պէտք է ուժեղ հարուած մը տալ սահմանագլուխի ամենավայրագ ցեղերէն մէկո...
18/10/2025

Ալ բաւական է որքան զգուշացանք վրէժխնդրական արարքներէ: Պէտք է ուժեղ հարուած մը տալ սահմանագլուխի ամենավայրագ ցեղերէն մէկուն, սարսափեցնել զանոնք եւ պիտի տեսնէք որ Երկրի մէջ ուժերու կեդրոնացման մեր ծրագիրը աւելի դիւրութեամբ պիտի ընթանայ: Նոյն ձեւով – կըսէր ան – պէտք է ուժեղ հարուած մ'ալ տալ Պոլսոյ մէջ՝ Սուլթանին, աւելի լայն չափով պայթեցնել պանքերը եւ վնասել եւրոպական դրամագլուխին:

Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնա....

Կշռեցի Քրիստափորի գործերը եւ գտայ որ նրա փառքը չի համապատասխանում իր գործերին, գտայ որ իր փառքն աւելի համեստ է քան իր գո...
18/10/2025

Կշռեցի Քրիստափորի գործերը եւ գտայ որ նրա փառքը չի համապատասխանում իր գործերին, գտայ որ իր փառքն աւելի համեստ է քան իր գործերը, այդպէս պիտի խօսի վաղուայ անաչառ պամտութիւնը, այսպէս պիտի վկայէ ապագան:

Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնա....

Ռազմիկների այդ անհատնում շարքերի մէջ Արղութեանները իրենց յատուկ տեղն ունին: Ճնշուած ու մարտնչող ժողովուրդների պատմութիւն...
17/10/2025

Ռազմիկների այդ անհատնում շարքերի մէջ Արղութեանները իրենց յատուկ տեղն ունին: Ճնշուած ու մարտնչող ժողովուրդների պատմութիւնը ունի նրանց համար մի գեղեցիկ, պատուաւոր անուն – պիօներ... առաջագնաց, ճանապարհ հարթող...

Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնա....

Արղութեանի կեանքը իր սիրած ազգի վերջին քառասուն տարիների կեանքի հարազատ պատկերն եղաւ: Նոյն գաղափարական յանդուգն խոյանքը,...
16/10/2025

Արղութեանի կեանքը իր սիրած ազգի վերջին քառասուն տարիների կեանքի հարազատ պատկերն եղաւ: Նոյն գաղափարական յանդուգն խոյանքը, նոյն յամառ ու անշեղ խիզախումը եւ նոյն ողբերգական մեծութիւնը պայքարի, որ պիտի յանգէր մեր օրերի անօրինակ մղձաւաջին:

Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնա....

Արղութեան, ազնուական, իշխանական տոհմէ, հայ կեանքի մէջ եղաւ այն խառնուածնքերէն, որոնք աշխարհ կու գան վառելո՛ւ հաւաքականու...
15/10/2025

Արղութեան, ազնուական, իշխանական տոհմէ, հայ կեանքի մէջ եղաւ այն խառնուածնքերէն, որոնք աշխարհ կու գան վառելո՛ւ հաւաքականութեան բարօրութեան համար, իրենց զոհաբերութեան լոյսովը ճամբայ ցուցնելու ազգերու ալեծուփ կեանքին մէջ, որպէս փարոսները մթին ու մշուշոտ ջուրերու եզերքը, որպէս պահակները արթուն, տագնապի գիշերներուն մէջ:

Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնա....

«Աջից Վարդանը, ձախից Իշխանը...»Ճիշտ 100 տարի առաջ, այս օրը, 15 հոկտեմբեր 1925-ին, Փարիզի արուարձաններէն Շավիլի մէջ մահաց...
15/10/2025

«Աջից Վարդանը, ձախից Իշխանը...»

Ճիշտ 100 տարի առաջ, այս օրը, 15 հոկտեմբեր 1925-ին, Փարիզի արուարձաններէն Շավիլի մէջ մահացաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն՝ իշխան Յովսէփ Արղութեան-Երկայնաբազուկը:

Արղութեան «թրքահայ» դատի առաջամարտիկներէն է, ով իր գործունէութիւնը սկսած է Հայ Յեղափոխական/ների Դաշնակցութեան ծնունդէն առաջ եւ քաջածանօթ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին մէջ ապրող հայ ժողովուրդի խնդիրներուն, դարձաւ ՀՅԴ հիմնադիրնիր սերունդի ներկայացուցիչներէն եւ մինչեւ իր մահը ծառայեց Հայ ժողովուրդի յեղափոխման, ազատագրման եւ պետականակերտման ճակատներուն վրայ, զէնք փոխադրող սովորական հայդուկէն եւ կուսակցական-կազմակերպչական հեղինակաւոր գործիչէն մինչեւ արշաւախմբի փոխհրամանատար, ռազմական գործիչ՝ կամաւորական գունդի հրամանատար, պետական գործիչ եւ դիւանագէտ-դեսպան:

Յովսէփ Արղութեանը մահացաւ չքաւորութեան մէջ, իր փոթորկայոյզ կեանքը կիսելով Դաշնակցական նուիրեալ ընկերուիներէն Ծաղիկի՝ Սաթենիկ Մատինեանի հետ:

«Արի եղաւ ան իր գաղափարական ու մարտական կեանքի ընթացքին, արի եղած է նաեւ մահուան դէմ: Ոչ մէկ տարակոյս, որ նոյնքան արի՛ պիտի մնան ժամանակի աւերին դէմ իր գործն ու յիշատակը, որոնց համար օրհնութիւն միայն ունի ու պիտի ունենայ հայ ժողովուրդը»:

🟥Աջակցեցէք մեր ծրագիրներուն🟥
https://www.patreon.com/user/gift?u=73078513

Գօթուրից դէպի Վան անցնել շտապով,Աջից Վարդանը,Ձախից իշխանը,Գրաւել Աղբակ,Տարածել սարսափ,Փառք դաշնակցութեան:«Հայ Զինւորի Սկ...
14/10/2025

Գօթուրից դէպի Վան անցնել շտապով,
Աջից Վարդանը,
Ձախից իշխանը,
Գրաւել Աղբակ,
Տարածել սարսափ,
Փառք դաշնակցութեան:

«Հայ Զինւորի Սկզբունքը», Աշուղ Ֆահրատ

🟥Աջակցեցէք մեր ծրագիրներուն🟥
https://www.patreon.com/user/gift?u=73078513

Դաշնակցութեան հիմնադրութենէն ետք, Յովսէփի կեանքը կ'երթայ այն հունով, ինչ հունով որ գացած են առհասարակ բոլոր Դաշնակցական ...
14/10/2025

Դաշնակցութեան հիմնադրութենէն ետք, Յովսէփի կեանքը կ'երթայ այն հունով, ինչ հունով որ գացած են առհասարակ բոլոր Դաշնակցական գործիչներուն կեանքը – կենդանի գործ, բանտ ու աքսոր, նորէն գոր, անվերջ պայքար, հալածանք եւ շատ յաճախ չարչարագին ու զրկուած վախճան:

Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնա....

ընկ. Յովսէփ Արղութեանը – Խանասորի Իշխանը – հայ յեղափոխութեան ռահիվարների փայլուն փաղանգի վերջին մնացորդներից մէկը:Ինչպէս...
13/10/2025

ընկ. Յովսէփ Արղութեանը – Խանասորի Իշխանը – հայ յեղափոխութեան ռահիվարների փայլուն փաղանգի վերջին մնացորդներից մէկը:

Ինչպէս Դաշնակցութեան բոլոր հիմնադիրների, Իշխանի կեանքն էլ – տանջալից ու փոթորկայոյզ – եղաւ մարմնացումը հայկական ազատագրութեան: Արժէ, որ մեր նոր սերունդներն իմանան ու ոգեւորւեն այդ կեանքով:

Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնա....

‼️ԿԱՐԵՒՈՐ‼️«ԴՐՕՇԱԿ» անունը կրող այս նախագիծը շուտով վերջ պիտի գտնէ...Յարգելի հետեւորդներ, Հոկտեմբեր 13-17 մեր էջի հրապար...
13/10/2025

‼️ԿԱՐԵՒՈՐ‼️
«ԴՐՕՇԱԿ» անունը կրող այս նախագիծը շուտով վերջ պիտի գտնէ...

Յարգելի հետեւորդներ, Հոկտեմբեր 13-17 մեր էջի հրապարակումները պիտի նուիրենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Խանասորի Իշխան՝ Ընկեր Յովսէփ Արղութեան-Երկայնաբազուկի մահուան 100 ամեակին:

Շատ հաւանաբար, սա մեր էջի վերջին «մեծ» նախաձեռնութիւնն է, որմէ ետք, զգալիօրէն պիտի նուազեցնենք նոր բովանդակութեան, նիւթերու, նկարներու հրապարակումը:
«ԴՐՕՇԱԿ» անունը կրող այս նախագիծը շուտով վերջ պիտի գտնէ եւ մենք պիտի կեդրոնանանք նախագիծի վերամշակման վրայ, աւելի նորաոճ, աւելի լայնածաւալ եւ բազմատեսակ բովանդակութեամբ մը շարունակելու այն առաքելութիւնը, որուն նուիրուած ենք աւելի քան 5 տարի:

Այդ աշխատանքներուն զուգահեռ, այս էջի միջոցով պարբերաբար պիտի դիմենք ձեզի, որոշ հարցումներով, ձեր բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը խնդրելու, ինչպէս նաեւ ձեր կարծիքները լսելու ի օգուտ այս աշխատանքին:

Այս աշխատանքը պիտի՛ կատարուի եւ նոր նախագիծը իրականութիւն պիտի՛ դառնայ անկախ պայմաններէն, միջոցներէն եւ հնարաւորութիւններէն, որոնք ցաւոք սրտի, միշտ ալ աներեւակայելի փոքր եղած են: Ամբողջ 5 տարուայ ընթացքին շատ անգամ թեւաթափ կամ հիասթափուած, մենք կարողացանք մեր https://arftroshag.blogspot.com/ -ի վրայ ամփոփել աւելի քան 700 նիւթ, որոնցմէ շատերը ունեցան հազարաւոր ընթերցողներ. իսկ վերջին մէկ ամսուայ ընթացքին մեր Facebook-ի այս էջը արձանագրեց աւելի քան 200,000 դիտում (view) եւ 125,000 հասանելիութիւն (reach):

Համոզուած ենք, որ այս էջի կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը գիտակցողները հազարապատիկ անգամ աւելին են, քան այն երկու ձեռքի մատներու վրայ հաշւըուող անձերը, որոնք նիւթապէս շատ չնչին աջակցութեամբ մեծ շունչ կու տան այս աշխատանքին. լիայոյս ենք նաեւ, որ նոր նախագիծի ձեւավորման աշխատանքներուն հետ պիտի կարողանանք ստեղծել աջակցութեան նոր ձեւեր, որոնք կը յայտարարենք այստեղ:

Առայժմ, կրնաք ձեր նիւթական օժանդակութիւնը բերել մեր նախագիծին Patreon-ի ամսական բաժանորդագրութեամբ (որ կրնաք նաեւ չեղարկել cancel ընել երբ ցանկանաք):
https://www.patreon.com/user/gift?u=73078513

Եթէ մինչեւ վերջ կարդացիք այս հրապարակումը, կը խնդրենք ➕ դնել մեկնաբանութեան (comment) բաժինը:

Address

Yerevan

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Դրօշակ posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Business

Send a message to Դրօշակ:

Share

Category