Torontohye/Թորոնթոհայ

Torontohye/Թորոնթոհայ թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր Torontohye
the voice of Toronto Armenians since 2005

Թորոնթոհայ ամսագիր
թորոնթոհայութեան ձայնը՝ 2005-էն ի վեր

Torontoհye monthly
the voice of Toronto Armenians since 2005

* * *

Տեսլական/Vision
Աշխոյժ թորոնթոհայ համայնք մը, որ հաւաքաբար կը նշէ իր յաջողութիւնները

A vibrant Toronto Armenian community that collectively celebrates its successes


Առաքելութիւն/Mission
Ըլլալ թորոնթոհայութեան բոլոր շերտերը ներկայացնող հարթակը

To be the platform that

represents all the facets of the Torontohye community


Առաջնորդող սկզբունքներ/Guiding principles
Մեր համայնքը՝ մեր կիզակէտը
Թորոնթոհայ համայնքի կարիքները մեր առաջնահերթութիւնն են

Community focus
We will put the needs of the Toronto Armenian community first

Ներառում
Իւրաքանչիւր թորոնթոհայու թերթն ու հարթակն ենք` անկախ յարանուանական, քաղաքական եւ համայնքային պատկանելիութենէ, տարիքէ, դաստիարակութենէ կամ այլ որակաւորումներէ

Inclusion
We are for all Toronto Armenians, regardless of politics, religious affiliation, age, upbringing, or any other qualifier

Լեզուի եւ մշակոյթի ջատագով
Թորոնթոհայ համայնքի եւ մեր լեզուաբանական ու մշակութային ժառանգութեան միջեւ կապը կը սերտացնենք

Stewards of our heritage
We will nurture the bond between the Toronto Armenian community and our linguistic and cultural heritage

Քաջալերանք
Մեր բովանդակութեամբ ու տեսակէտով կը հաստատենք դրական մօտեցում եւ լուսարձակի տակ կ’առնենք համայնքիս յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները

Encouragement
We will maintain a positive outlook in our content and showcase the community’s accomplishments

Կարդացէ՛ք մեր «Արցախն այս շաբաթ» արեւմտահայերէն լուրերու ամփոփումը․- 44-օրեայ պատերազմի պարտութեան հանգամանքներու քննութ...
10/11/2025

Կարդացէ՛ք մեր «Արցախն այս շաբաթ» արեւմտահայերէն լուրերու ամփոփումը․

- 44-օրեայ պատերազմի պարտութեան հանգամանքներու քննութեան վերջնական զեկոյցը գաղտնի կը պահուի եւ անիկա հանրութեան հասանելի չէ

2020-ի 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներն ուսումնասիրող Ազգային ժողովի քննիչ յանձնաժողովը աւարտեց պատերազմի պարտութեան հանգամանքներու հետաքննութիւնը, որ տեւեց մօտ երեքուկէս տարի: Սակայն զեկոյցը չդրուեցաւ Ազգային ժողովի լիագումար նիստի օրակարգ եւ չհրապարակուեցաւ, այլ անիկա փոխանցուեցաւ խորհրդարանի արխիւ: Զեկոյցին կրնան ծանօթանալ միայն կարգ մը պատգամաւորներ, որոնք ունին համապատասխան գաղտնիութեան թոյլտուութիւն։
Յունիս 2023-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նոյն յանձնաժողովի նիստին յայտարարած էր, որ հանրային լաւագոյն շահը կ’ենթադրէ մեր պատմութեան ամենածանր էջերէն մէկուն` 44-օրեայ պատերազմին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին վերաբերեալ հանրային շարունակական հաղորդակցութիւն։
Սակայն, ինչպէս յայտնի է Փաշինեանի եւ անոր խմբակցութեան խօսքը եւ գործը բոլորովին հակասական են․ 6 հոկտեմբերին, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտարարեց, որ վերոնշեալ զեկոյցը հանրութեան հասանելի պիտի չըլլայ. անիկա արդէն ուղարկուած է ազգային ժողովի գաղտնի փաստաթուղթերու բաժինը։
«Հաշուի առնելով հանգամանքը, որ 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներն ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի զեկոյցը ժամկէտների անհամապատասխանութեան պատճառով իրաւական առումով անհնար է դարձել ներառել ԱԺ լիագումար նիստերի օրակարգում, բոլոր հնարաւոր իրաւական շահագրգիռ կողմերի հետ քննարկումների արդիւնքում որոշում է կայացուել զեկոյցն ուղարկել ԱԺ-ի առաջին բաժին, որտեղ գաղտնիութեան թոյլտուութիւն ունեցող իւրաքանչիւր պատգամաւոր կարող է գնալ եւ ծանօթանալ զեկոյցին», «Ազատութեան» փոխանցեց Ազգային ժողովի նախագահի խորհրդականը:
Յանձնաժողովը իր գործունէութիւնը աւարտած եւ զեկոյցը խորհրդարանի նախագահութեան յանձնած էր 3 սեպտեմբերին: Միայն այս ամսուան սկիզբը արդէն յստակ դարձաւ, որ անիկա պիտի չներառուի լիագումար նիստերու օրակարգին վրայ: Ըստ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի բացատրութեան` անոր համար իրաւական հիմքեր չկան: «Երկուսուկէս տարուց աւել է անցել»: Ան նաեւ «Ազատութեան» յայտնեց, թէ պատգամաւորներու մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենան փակ լսումներ, որուն դէմ էր Քննիչ յանձնաժողովի ղեկավար Անդրանիկ Քոչարեանը:
Յանձնաժողովը սկիզբէն պոյքոթի ենթարկած ընդդիմադիրները կը պնդեն, որ ասիկա տուեալ փաստաթուղթի անփառունակ վախճանն է:
«Ինչքան էլ իշխանութիւնը ճիգ թափէր էդ քննիչ յանձնաժողովով, ինքը չկարողացաւ Նիկոլ Փաշինեանին հրեշտակի թեւերով սուրբ հանելու գործողութիւնը, որովհետեւ, ի վերջոյ, բազմաթիւ մարդիկ, որ նաեւ եկել են, վկայութիւն են տուել, էդ թւում` բարձրագոյն ռազմական ղեկավարութիւնից, բնականաբար, եթէ ներկայացրած լինեն, ու վստահ եմ` շատերը նաեւ ներկայացրել են օբյեկտիւ (առարկայական) իրականութիւնը, անզէն աչքով էլ պարզ կը լինէր, որ պատերազմի ժամանակ ամբողջութեամբ քաղաքական իշխանութիւնը տապալել է պետութեան կառավարումը բոլոր առումներով», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ-ի անդամ եւ Ազգային ժողովի պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամ Գեղամ Մանուկեան, ըստ որուն, իշխանութիւնը, որուն նախաձեռնութեամբ 2022-ին ձեւաւորուեցաւ Քննիչ յանձնաժողովը, նպատակ ունէր ցուցադրութիւն մը ապահովել, շոու մը, որուն մէջ մէկ դերասանի թատրոնը Նիկոլ Փաշինեանի հրապարակային իբր թէ ցուցմունք տալն էր, շոու, որ ամէն անգամ տարբեր զինուորականներու, տարբեր գործողութիւններու, տարբեր քաղաքական գործիչներու դէմ իշխանական յարձակումներուն պէտք է ծառայեցնէին այդ քննիչ յանձնաժողովի գոյութիւնը։
Քննիչ յանձնաժողովի գործունէութեան ընթացքին յանձնաժողով հրաւիրուած են ոչ միայն Նիկոլ Փաշինեանը, այլ նաեւ նախկին եւ ներկայ պաշտօնակատարներ, որոնց կարգին՝ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն պաշտպանութեան նախարարութիւնը ղեկավարած Դաւիթ Տոնոյեանը, նոյն շրջանին բանակի ընդհանուր հրամանատար Օնիկ Գասպարեանը, Արցախի վերջին նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը եւ այլ անձնաւորութիւններ։
Ըստ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան անդամ, պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամ Տիգրան Աբրահամեանի՝ սկիզբէն ակնյայտ էր, որ հանրութիւնը այս զեկոյցով ոչ մէկ հարցի իրական պատասխան պիտի ստանայ:
Պաշտպանութեան յանձնաժողովի ընդդիմադիր անդամները մտադիր են գաղտնի բաժինին մէջ ծանօթանալ զեկոյցին, թէեւ կը շարունակեն պնդել՝ անիկա առարկայական իրականութիւնը չ’արտացոլեր:

***
- Ամենայն հայոց կաթողիկոսը ընդունեց Արցախի պետական այրերը

8 հոկտեմբերին Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ ընդունեց արցախցի պետական պաշտօնատարներ ու քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները` գլխաւորութեամբ Արցախի նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Դանիէլեանի եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի, կը յայտնէ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական գրասենեակը:
Հանդիպումի ընթացքին, կաթողիկոսը եւ այցելուները քննարկեցին հայրենազրկուած արցախցիներուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները յաղթահարելուն եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող հարցեր:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ս. Էջմիածինի կողմէ իրականացուող ընկերային աջակցութեան ծրագիրներուն եւ արցախցիներուն հետ բնակութեան վայրերուն մէջ տարուող հոգեխնամ աշխատանքներուն: Կաթողիկոսը ընդգծեց, որ հայ եկեղեցին այս ուղղութեամբ ջանքերը պիտի շարունակէ։
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին միջազգային հարթակներու վրայ միացեալ հետեւողական քայլեր ձեռնարկելը` Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները բարձրաձայնելու, Ազրպէյճանի մէջ պահուող պատանդները եւ ռազմական գերիները ազատ արձակել տալու, անհետ կորսուածները յայտնաբերելու եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու համար:
Աւարտին, արցախցի պաշտօնատարները իրենց որդիական երախտագիտութիւնը եւ առաքելական մայր եկեղեցւոյ հաւատարմութիւնը յայտնեցին:

***
- Ֆրանսացի երեսունմէկ պատգամաւորներ կոչ կ’ուղղեն՝ հայ գերիները ազատ արձակելու

Ֆրանսացի երեսունմէկ ծերակուտականներ եւ պատգամաւորներ Արցախի ժողովուրդին բռնի տեղահանութեան տարելիցին առիթով հրապարակեցին կոչ-յայտարարութիւն մը՝ ընդգծելով ցեղային զտում իրականացնողները պատասխանատուութեան ենթարկելու, Արցախի ժողովուրդին վերադարձի, գերիները ազատ արձակելու եւ այլ քայլերու անհրաժեշտութիւնը, յայտարարեց «Արցախ միութիւն»-ը:
Ֆրանսացի պատգամաւորները իրենց յայրատարութեան մէջ յիշեցուցին, որ 19 սեպտեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանը արդարացում չունեցող հուժկու ռազմական գործողութիւններ սկսաւ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) բնակչութեան դէմ` վերջ դնելով այս հողիn վրայ հայերwu բազմադարեայ ներկայութեանը: Յարձակումը տեղի ունեցաւ այն պահwuն, երբ միջազգային հանրութիւնը` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միջոցով, որուն համանախագահներն են Ֆրանսան, ԱՄՆ-ն եւ Ռուսիան, յանձն առած էին հակամարտութիւնը լուծել բացառապէս խաղաղ ճանապարհով` հաշուի առնելով սեփական ապագան ինքնուրոյն որոշելու Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքը: Հակառակ այդ յանձնառութեան` Պաքուն ընտրեց պատերազմի ուղին:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ մի քանի օրուան մէջ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին հարիւր քսան հազար հայերը` երկրի ողջ բնակչութիւնը, հարկադրուած եղան արտագաղթել Հայաստան: Զանգուածային տեղահանման նախորդած էր իննամսեայ շրջափակումը, որ էթնիկ (ցեղային) զտման քաղաքականութեան ծրագրաւորուած փուլ մըն էր, որուն հետեւանքը եղաւ հայ բնակչութեան լիակատար արտաքսումը:
Պատգամաւորները կը նշեն այն փատը, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ձեւաւորուած է 1991-ին` Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, տեղի բնակչութեան կողմէ կազմակերպուած ժողովրդավարական հանրաքուէի արդիւնքով` ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի համաձայն:
«Ներկայիս, երկու տարի անց, բռնի տեղահանուածներուն մեծ մասը կը շարունակէ ապրիլ անորոշութեան եւ աղքատութեան մէջ: Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը կ’ենթարկուի ոչնչացման կամ խեղաթիւրման: Հայ գերիները, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաները, կը շարունակեն պահուիլ Պաքուի բանտերուն մէջ ` առանց արդար դատավարութեան երաշխիքներու», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Ֆրանսացի խորհրդարանականները կոչ կ’ընեն Ֆրանսայի կառավարութեան եւ եւրոպական կազմակերպութիւններուն` չտրուիլ դիւանագիտական անտարբերութեան:
Անոնք կը պահանջեն՝
«1. Լաչինի միջանցքի շրջափակման, 19 սեպտեմբեր 2020-ի յարձակման եւ Ազրպէյճանի կողմէ միջազգային իրաւունքի շարունակական խախտումներու յստակ ու միանշանակ դատապարտում,
«2. Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինի պահուող բոլոր հայ գերիներու, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի նախկին քաղաքական պատասխանատուներու անյապաղ ազատ արձակում,
«3. Միջազգային հարթակի ստեղծում` Լեռնային Ղարաբաղի հայերու վերադարձի, անվտանգութեան եւ հիմնարար իրաւունքներու երաշխաւորման պայմանները գնահատելու համար,
«4. Լեռնային Ղարաբաղի տեղահանուած բնակչութեան անօտարելի իրաւունքի վերահաստատում` ապահով, արժանապատիւ եւ անխոչընդոտ վերադարձ իրենց տուներ` համաձայն Միջազգային դատարանի որոշումներուն, մասնաւորապէս` 17 նոյեմբեր 2023-ի,
«5. Հասցէական եւրոպական պատժամիջոցներ` պատերազմի յանցագործութիւններու, մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ գործողութիւններու պատասխանատուներու նկատմամբ,
«6. Միջազգային հետաքննութիւններու աջակցում` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարուած խախտումները փաստագրելու եւ, Հռոմի հռչակագրի 14-րդ յօդուածի համաձայն, Դատական վարոյթներ մեկնարկելու համար,
«7. Հայաստանին աջակցելու ջանքերու ուժեղացում` մարդասիրական, անվտանգութեան եւ մշակութային համագործակցութեան ոլորտներուն մէջ:
Ֆրանսացի պատգամաւորները բռնի տեղահանութեան տխուր տարելիցին առիթով կը վերահաստատեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու արտաքսումը ճակատագիր չէ: Անոնց վերադարձի իրաւունքը պէտք է մնայ ժողովրդավարական երկիրներու օրակարգի մէջ: Եւրոպական միութիւնը չի կրնար իր արժէքները պաշտպանել փոփոխական չափանիշներով. արդարութիւնն ու մարդու իրաւունքները պէտք է ըլլան համընդհանուր, ներառեալ` Հարաւային Կովկասի մէջ:

ԲԱՐԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ. Այսօր Սրբոց Թարգմանչաց տօնն է, որ կը խորհրդանշէ հայոց գիրերու գիւտը, Աստուածաշունչի հայերէն առաջին ...
10/11/2025

ԲԱՐԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ. Այսօր Սրբոց Թարգմանչաց տօնն է, որ կը խորհրդանշէ հայոց գիրերու գիւտը, Աստուածաշունչի հայերէն առաջին թարգմանութիւնը, թարգմանչաց շարժումն ու հայ դպրութեան սկիզբը։

Նշելու համար Թարգմանչաց տօնը, կարդացէ՛ք թորոնթոհայ բանաստեղծ Գրոգոր Հոթոյեանի «Մեսրոպ մաշտոց» բանաստեղծոութիւնը (վերահրատարակուած այս տարի լոյս տեսած «Սրտաբուխ բանաստեղծութիւններ» հատորին մէջ) ու «Թորոնթոհայ»-ի անգլերէն թարգմանութիւնը:

HAPPY TRANSLATORS' DAY. Today is the Feast of the Holy Translators, which celebrates the creation of the Armenian alphabet, the first Armenian translation of the Bible, the Translators' Movement, and the start of Armenian literacy and instruction!

To celebrate Translators' Day, please read Toronto-Armenian poet Kirkor Hotoyan's «Մեսրոպ Մաշտոց» and our English translation below!

ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ
Գրիգոր Հոթոյեան

Մեսրոպ Մաշտո՛ց, ո՜վ պանծալի վարդապետ,
Լոյսի աղբիւր, նախախնամեալ գիտնական,
Վեհ տեսիլքիդ արգասիքով ազգակերտ՝
Ստեղծեցիր այբենգիմը հայկական։

Մեսրոպ Մաշտո՛ց, ո՜վ հանճարեղ մարգարէ,
Միտք անպարփակ՝ հորիզոններ վերծանող,
Մտածումիդ տուած իտէա՛լ կապարէ,
Հայոց լեզուին տուիր տառեր լուսաշող։

Մեսրոպ Մաշտո՛ց, ո՜վ կենսատու արեգակ,
Զոհողութեան հրաշափառ ատրուշան,
Կրանիթեայ կամքիդ ուժով անխորտակ՝
Հայոց լեզուին տուիր գիրեր սրբազան։

Մեսրոպ Մաշտո՛ց, ո՜վ առաջնորդ հոգեթով,
Հայ պատմութեան յաւերժական Արարատ,
Սուրբ երազիդ իրագործած խորհուրդով՝
Հայոց լեզուն մնաց կայտառ, անարատ։

Մեսրոպ Մաշտո՛ց, ո՜վ անբասիր առաքեալ,
Հայ դպրութեան լուսապայծառ դափնեկիր,
Որոնումիդ տուած թեւեր հրափայլ՝
Հայոց լեզուն անմահական դարձուցիր։

Մեսրոպ Մաշտո՛ց, ո՜վ գիտութեան ռահվիրայ,
Իմաստութեան անզուգական ջահակիր,
Նպատակիդ տուած մարմին պողպատեայ՝
Հայ դպրութեան ոսկեդարը կերտեցիր։

Մեսրոպ Մաշտո՛ց, ո՜վ դիւցազուն նայիրեան,
Մշակոյթի քանքարաւոր սերմնացան,
Նուիրումիդ հզօր թափէն յաղթական՝
Հայ դպրութեան անդաստաններ հերկուեցան։

Մեսրոպ Մաշտո՛ց, ո՜վ խորախոյզ գիւտարար,
Մեծ հրաշքէդ տասնըհինգ դար ետք ահա,
Կու գամ հպարտ ողջունելու միշտ դալար
Յիշատակդ ու սուրբ գործդ յակինթեայ։

***

Mesrop Mashtots
By Kirkor Hotoyan (translated by Torontohye)

Mesrop Mashtots, O wise scholar divine,
Source of light, glorious Vardapet,
Nation-builder by your great vision's sign,
You created the Armenian alphabet!

Mesrop Mashtots, O ingenious prophet,
Unconfined thought, who horizons can trace,
By the ideal lead your mind had set,
You gave our language light-shining letters with grace.

Mesrop Mashtots, O life-giving sun’s bright ray,
A wondrous altar of sacrifice's bright flame,
With the force of your granite will that won't decay,
You gave our language sacred script and name.

Mesrop Mashtots, O inspiring, soul-stirring guide,
Eternal Ararat of Armenian history's stream,
By the holy plan you brought to life inside,
The Armenian tongue remained pure and keen.

Mesrop Mashtots, O stainless apostle true,
Brightly crowned with the laurel of Armenian lore,
By the fiery wings your quest flew through,
You made the Armenian language immortal evermore.

Mesrop Mashtots, O pioneer of all learned thought,
Incomparable torch-bearer of deepest wisdom,
By the steel-firm body your purpose wrought,
You forged the Golden Age of our culture's kingdom.

Mesrop Mashtots, O hero of Nayiri, of great fame,
Gifted sower of culture's potent seed,
By the victorious force of your mighty dedication's flame,
The fields of Armenian instruction were freed.

Mesrop Mashtots, O profound, insightful creator,
Behold, fifteen centuries since your great wonder,
I come proud to hail your memory, ever-later,
And your holy, amethyst work, to ponder.

***

Պատկերը՝ ռխ-ի

Այս թիւով «Թորոնթոհայ»-ը կը նշէ իր քսանամեակը:  Իր հիմնադրութենէն՝ 2005 թուականէն ի վեր, թերթը Թորոնթոյի հայ համայնքի կե...
10/09/2025

Այս թիւով «Թորոնթոհայ»-ը կը նշէ իր քսանամեակը:

Իր հիմնադրութենէն՝ 2005 թուականէն ի վեր, թերթը Թորոնթոյի հայ համայնքի կեանքին ցոլացումը եղած է: Երկու տասնամեակ անց մենք դեռ այստեղ ենք` առաջնորդուելով նոյն առաքելութեամբ, կրելով նոյն պատասխանատուութեան զգացումը եւ նուիրուած՝ ծառայելու մեր ընթերցողներուն:

Մեր թերթին պատմութիւնը, շատ առումներով, մեր համայնքին պատմութիւնն է: Մեր էջերուն մէջ արձանագրուած են կարեւոր իրադարձութիւններ, նշուած են նուաճումներ, կիսուած են մտահոգութիւններով եւ պահպանուած են յիշողութիւններ: Հիմնադիր խմբագիր Կարին Սաղտըճեան Տէր Յակոբեանին կողմէ գրուած առաջին երկլեզու խմբագրականէն (տպագրուած է այս թիւի շապիկին) մինչեւ այսօր լոյս տեսած վերափոխուած հրատարակութիւնը, «Թորոնթոհայ»-ը հաւատարիմ մնացած է իր նպատակին՝ ըլլալով հարթակ ամբողջ համայնքին համար:

Թերթին անցած այս ուղին հնարաւոր դարձած է միայն մեր հիմնադիրներու տեսլականին ու նուիրուածութեան շնորհիւ: Մենք նաեւ շատ բան պարտական ենք ​​​​անցեալի եւ ներկայի օժանդակողներուն, գրողներուն եւ աշխատակիցներուն, որոնք առատաձեռնօրէն նուիրած են իրենց ժամանակն ու ջանքերը: «Թորոնթոհայ»-ը նաեւ կը պատկանի մեր համայնքի բազմաթիւ կազմակերպութիւններուն, հաստատութիւններուն, դպրոցներուն, եկեղեցիներուն եւ միութիւններուն, որոնց աշխատանքն ու պատմութիւնները կը լեցնեն անոր էջերը եւ նպատակ կու տան անոր: Մեր ծանուցանողներուն աջակցութիւնը նպաստած է իւրաքանչիւր թիւի լոյս ընծայման, եւ Թորոնթոյի հայ կեդրոնը եղած է հզօրութեան յենասիւնը` որպէս հրատարակութեան գլխաւոր աջակից: Ամենէն առաջ մենք շնորհակալ ենք ձեզի` ընթերցողներուն, որոնք կը շարունակեն իմաստ հաղորդել իւրաքանչիւր թիւին եւ իւրաքանչիւր էջին:

Անշուշտ եղած են իսկապէս դժուար պահեր․ համավարակը կասեցուցած է մեր տպագիրի հրատարակութիւնը մէկ տարիէն աւելի: Այս տարուան սկիզբը մենք դէմ հանդիման գտնուեցանք մեր գործընկեր տպարանի յանկարծակի փակման եւ ստիպուած էինք արագ գործելու` նոր լուծում գտնելու համար: Ինչպէս շատ համայնքային թերթեր, մենք կը գործենք այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր տպագիր հրատարակութիւնը յաճախ կը մղուի մէկ կողմ` զիջելով թուայինին: Բայց եւ այնպէս, ամէն անգամ, երբ մենք դէմ հանդիման կը գտնուինք մարտահրաւէրներու, գտած ենք յարմարելու եւ շարունակելու եղանակները: Յարատեւելու ուժը կու գայ մեր համայնքին վստահութենէն եւ քաջալերանքէն:

«Թորոնթոհայ»-ը պիտի շարունակէ ըլլալ վայր մը, ուր արժէքները, աւանդոյթները եւ նուաճումները կը տօնուին ու կը կիսուին: Մենք կը շարունակենք յանձնառու ըլլալ՝ մեր ընթերցողներուն առօրեայ կեանքը, պայքարը եւ յաջողութիւնները արտացոլող ինքնատիպ բովանդակութիւն ստեղծելուն: Մենք այստեղ ենք ծառայելու համար, եւ մենք կը շարունակենք ծառայել:

Շնորհակալութիւն, որ մեզ կը մղէք շարունակելու մեր ընթացքը։֎

Քանզի մեռած չէքՌուբէն Խաժակ ՄահախօսականԿամ դամբանական չէԶոր կը գրեմ այստեղ`Համակարգիչիս վրայ,Քանզի մեռած չէք:Սգագիր չէԱյ...
10/06/2025

Քանզի մեռած չէք
Ռուբէն Խաժակ

Մահախօսական
Կամ դամբանական չէ
Զոր կը գրեմ այստեղ`
Համակարգիչիս վրայ,

Քանզի մեռած չէք:

Սգագիր չէ
Այս արցունքներու մէջ խեղդուած տողերը:

Ձեր երգով,
Ձեր նուիրումով,
Հերոսացաք,
Անմահացաք:

Ուխտեցիք կռուիլ,
Եւ սիրով մեռնիլ,
Որովհետեւ համոզուած էիք,
Որ հողն էր մեր փրկութիւնը:

Չէք մեռած.
Կ՛ապրիք:

Եւ ձեր սրտերը
Կը բաբախեն
Հիմա եւ միշտ
Մեր կուրծքերուն տակ,
Մեզի համար:

Մահախօսական
Կամ դամբանական չէ
Զոր կը գրեմ այստեղ`
Համակարգիչիս վրայ,

Քանզի մեռած չէք:

***

Նուիրուած՝ Քրիստափոր Արթինի եւ Գէորգ Հաճեանի յիշատակներուն

Բանաստեղծութիւնը գրուած եւ լոյս տեսած է 6 հոկտեմբեր 2021-ին՝ թորոնթոհայ Քրիստափոր Արթինի, թորոնթոհայութեան սիրելի Գէորգ Հաճեանի եւ իրենց զինակից ընկերներու նահատակութեան առաջին տարելիցի առիթով: 6 հոկտեմբեր 2020-ին Վարանգաթաղի բարձունքին, թէժ մարտերու ընթացքին միասնաբար նահատակուեցան ՀՅԴ գումարտակի 24 անձնուրացներ, վասն ազգի ու հայրենիքի:

Կարդացէ՛ք մեր «Արցախն այս շաբաթ» արեւմտահայերէն լուրերու ամփոփումը․- «Փախստականների վերադարձի թեման համարում եմ վտանգաւո...
10/04/2025

Կարդացէ՛ք մեր «Արցախն այս շաբաթ» արեւմտահայերէն լուրերու ամփոփումը․

- «Փախստականների վերադարձի թեման համարում եմ վտանգաւոր խաղաղութեան գործընթացի համար». Փաշինեան արցախցիներու վերադարձն անիրատեսական կը համարէ

30 սեպտեմբերին, Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ)՝ պատասխանելով եւրոպացի պատուիրակի մը հարցումին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ արցախահայութեան Արցախ վերադարձը ոչ-իրատեսական է եւ այդ թեմայի արծարծումը վտանգաւոր է խաղաղութեան գործընթացին համար, որովհետեւ, ըստ անոր, հակամարտութիւնները, ինչպէս Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, սկսած է մարդասիրական պարզ հարցերու արծարծումով եւ վերաճած է բոլորին յայտնի երկարատեւ հակամարտութեան»:
Յիշեցնելով, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան ճանչցած են իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ սահմաններու անխախտելիութիւնը՝ Փաշինեան ընդգծեց, որ պէտք է կեդրոնանալ ինքնին այս բանաձեւին վրայ եւ չանդրադառնալ վիճայարոյց հարցերուն:
ԵԽԽՎ-ին առջեւ ներկայացնելով արցախահայութեան վերաբերող իր տեսլականը՝ Փաշինեան յայտնեց, թէ միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ Արցախի գաղթականները պէտք է հաստատուին Հայաստանի մէջ` իբրեւ Հայաստանի քաղաքացիներ: Ըստ անոր՝ արդէն իսկ սկսած է արցախցիները տուներով ապահովելու ծրագիրը, որ, թէեւ դժուարութեամբ կը գործէ, բայց ինք յոյս ունին, որ հետագային աւելի արդիւնաւէտ կ’ըլլայ:
«Ղարաբաղի մեր հայրենակիցները պէտք է տնաւորուեն Հայաստանի Հանրապետութիւնում եւ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի ապրեն, ստեղծագործեն, իրենց բարեկեցութիւնը կառուցեն Հայաստանի Հանրապետութիւնում: Սա է մեր ռազմավարութիւնը», ըսաւ Փաշինեան:
Արձագանգելով Փաշինեանի այս յայտարարութեան՝ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան հարց տուաւ, թէ արդեօք ան կ’ընէ՞ իրմէ կախուածը, որ արցախցիները մնան եւ տնաւորուին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, արդեօք կառավարութիւնը բաւարար քայլեր կը ձեռնարկէ, որ իրենց հայրենիքէն բռնի տեղահանուած եւ ընկերայինծանր խնդիրներու առջեւ յայտնուած արցախցիները չլքեն Հայաստանը:
Ստեփանեանի փոխանցած տուեալներով՝ սեպտեմբերի դրութեամբ տեղահանուած տասնվեց հազար արցախցիներ արդէն հեռացած են Հայաստանէն` ընկերային դժուարութիւններու պատճառով։
Թէեւ Փաշինեան ԵԽԽՎ-ի մէջ յայտարարեց, թէ գաղթականները դժուարութիւններ ունին, բայց բնակարաններով կ’ապահովուին, Ստեփանեան դիտել տուաւ, որ շահառու հանդիսացող քսանհինգ հազար ընտանիքներէն բնակարանային ապահովման ծրագիրով բնակարանի արտօնագիր ստացած են 2 հազար 938 անձեր, որոնցմէ իրականացած է ընդամէնը 972-ը: Այսինքն` քսանհինգ հազար շահառու ընտանիքներէն նոյնիսկ հազարը տակաւին բնակարան չէ ստացած:
Արցախէն տեղահանուած արցախցիներուն մեծ մասը, մինչ այդ, այս տարուան յունիսէն սկսեալ կառավարութեան որոշումով զրկուեցաւ յիսուն հազար դրամ աջակցութենէն: Ըստ Ստեփանեանի` եթէ մինչ այդ ֆինանսական աջակցութիւն կը ստանային հարիւր հազար արցախահայեր, ապա այժմ անոնց թիւը նուազած է կէսով, նուազած է նաեւ տրամադրուող գումարին չափը:
ԵԽԽՎ-ի մէջ ազատական ժողովրդավարներուն անունով Փեթրա Օնիքս բացի արցախցի գաղթականներու վերադարձէն Փաշինեանին նաեւ հարցուց, որ արդեօք խաղաղութեան գործընթացէն բացի քննարկուա՞ծ է Արցախէն տեղահանուած անձերու գոյքի դիմաց փոխհատուցման հարցը եւ արդեօք արցախահայութեան մշակութային ժառանգութիւնը վտանգուած չէ՞ Ազրպէյճանի մէջ:
Փաշինեան այդ հարցումին ուղղակի չպատասխանեց, միայն նշեց, թէ՝ «ինչպէս ցանկացած պայմանագիր կամ խաղաղութեան համաձայնագիր, այն ամէն ինչ չէ, որ կը ներառէ»: Ըստ Փաշինեանի` նախատեսուած է, որ այլ հարցեր քննարկելու համար Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստեղծուին համապատասխան գործիքակազմեր եւ հարթակներ:
***
- Եւրոպական դատարանը Պաքուէն հայ գերիներուն գծով հաշուետուութիւն կը պահանջէ

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Ազրպէյճանէն կը պահանջէ մինչեւ 4 նոյեմբեր Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող քսաներեք հայ գերիներու կեցութեան եւ առողջական վիճակին մասին հաշուետուութիւն ներկայացնել։
Եւրոպական դատարանին մէջ, հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ Սիրանոյշ Սահակեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ յուլիսին, ազրպէյճանական կողմը միջնորդած էր հանել հաշուետուութիւն ներկայացնելու իր պարտականութիւնը: Սակայն, Հայաստանի կառավարութեան եւ Եւրոպական դատարանին մէջ գերիներու ներկայացուցիչներու առարկութիւններէն ետք, դատարանը վերջապէս մերժեց Ազրպէյճանի միջնորդութիւնը եւ պարտաւորութիւն դրաւ Պաքուին ուսերուն՝ հայ գերիներուն մասին տեղեկութիւն ներկայացնելու:
Սահակեան յայտնեց, որ, անշուշտ, տրամադրուող տեղեկութիւնը կը պատրաստուի Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ, եւ բազմաթիւ անգամներ արձանագրած են կեղծուած տուեալներ տրամադրելու մասին, բայց նոյնիսկ այդ հատուածական տեղեկութիւններու հիման վրայ կարելի է որոշ դիտարկումներ կատարել:
Սահակեան զարմանալի նկատեց, որ Նիկոլ Փաշինեան չ’ըսեր, թէ Պաքուի մէջ հայերը անօրէն կերպով կը պահուին։ Փաշինեան նախորդող օրերուն թէ՛ ՄԱԿ-ի բարձր ամպիոնէն եւ թէ’ ԵԽԽՎ-ի մէջ հպանցիկ կերպով անդրադարձաւ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն` զանոնք որակելով իբրեւ «կոնֆլիկտի (հակամարտութեան) հետեւանքով անազատութեան մէջ գտնուող անձինք»:
«Արդեօ՞ք մենք չպէտք է խօսէինք այդ անազատութեան բնոյթի մասին` համարձակօրէն նշելով, որ անազատութեան մէջ գտնուելը ապօրինի է, ոչ օրինական է, եւ կարծում եմ` այդ կարեւոր իրաւական որակումը պէտք է տրուէր նաեւ քաղաքական ամբիոնից, եւ սա չանելն է, որ մեզ մօտ տարակուսանք է առաջացնում», ըսաւ Սահակեան՝ աւելցնելով, որ Փաշինեանի համարձակութեան պակասը պայմանաւորուած է Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններով: Ըստ անոր՝ Ազրպէյճանի համար ոչ-փափաքելի ձեւակերպումներու օգտագործումը ժխտական անդրադարձ կ’ունենայ բանակցային գործընթացին վրայ, հետեւաբար, Փաշինեան կը խուսափի այնպիսի ձեւակերպումներէ, որոնք կրնան անձնապէս զայրացնել Իլհամ Ալիեւը:
1 Հոկտեմբերին, Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու եւ պատանդներու իրաւունքներու նիւթով քննարկումին ընթացքին, Սահակեան յայտարարեց, որ Պաքուի մէջ 23 հայ գերիներ կան: «Դա պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ ադրբեջանական կողմը հաստատում է 23 հայերի` Ադրբեջանում անազատութեան մէջ գտնուելու հանգամանքը եւ կայ ստուգելի տեղեկատուութիւն նրանց ողջ լինելու վերաբերեալ», ըսաւ Սահակեան՝ աւելցնելով, որ ատիկա չի նշանակեր, որ ի սկզբանէ գերի առնուած են եւ տակաւին Ազրպէյճանի մէջ կը պահուին միայն քսաներեք հայեր:
Սահակեան նշեց, որ, թէեւ կը յայտարարուի, թէ Հայաստան քսաներեք գերիներ ունի, բայց կան քանի մը տասնեակ բռնի անհետացած գերիներ: «Բազմիցս խօսւում է 80 անձի մասին: Դա, ըստ էութեան, իրաւապաշտպանների փաստահաւաք գործունէութեան ընթացքում հաստատուած դէպքերն են: Սա երբեք չի կարող որակուել որպէս սպառիչ թուաքանակ: Առնուազն 80 դէպքի մասին իրաւապաշտպանները փաստեր են ներկայացնում: Բայց այդ թուերը կարող են շատ աւելին լինել», դիտել տուաւ Սահակեան, որ նաեւ յայտնեց, թէ տեղեկութիւն ունին, թէ Խոշտանգումներու կանխարգիլման եւրոպական կոմիտէն այցելած է Ազրպէյճան եւ չի բացառուիր, որ անոնք տեսակցած ըլլան հայ գերիներու հետ։

***
- Ուաշինկթոն «աշխուժօրէն կը քաջալերէ» արցախահայութեան վերադարձը եւ կը հետեւի գերիներու դատավարութիւններուն

Ամերիկայի hայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ՝ վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին Քոնկրեսի հայկական համախմբումի շարունակական ջանքերուն շնորհիւ՝ ամերիկեան վարչակազմը աննախընթաց քայլով մը այս շաբաթ յայտարարեց, թէ աշխուժօրէն կը քաջալերէ թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ Պաքուի կառավարութիւնները, որ Արցախի բնիկ հայութեան վերադարձը ապահովելու նպատակով քայլերու դիմեն՝ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով։
Այս գծով հրապարակուած նամակի մը մէջ (թուարկուած՝ 25 սեպտեմբեր), Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Օրէնսդրական հարցերու բաժանմունքէն Փօլ Կոկլիանօ կը գրէ, թէ Ուաշինկթոն նաեւ մօտէն կը հետեւի Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող հայ գերիներու դատավարութիւններուն՝ բացայայտելով, որ «երբ կարելի ըլլայ, Պաքուի մօտ ամերիկեան դեսպանատան պաշտօնատարներ ներկայ կ’ըլլան այդ դատավարութիւններուն»։
Նամակին մէջ նաեւ կոչ կ’ըլլայ Ազրպէյճանին՝ պաշտպանելու Արցախի հայկական մշակութային վայրերը։
Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Թրամփ-Վենս վարչակազմին ստանձնած այս յանձնառութիւնները՝ աւելցնելով, որ անիկա արդիւնք էր Քոնկրեսի հայկական համախմբումին նախաձեռնած այն դիմումին, որուն տակ ստորագրած էին 87 քոնկրեսականներ։
Նշեալ արշաւին նախաձեռնած էին Քոնկրեսի հայկական համախմբումի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն, Կաս Պիլիրաքիս, Պրետ Շըրմըն եւ Տէյվիտ Վալատաօ։

10/03/2025

«Ակունք» ազգագրական համոյթն ու (AKUNQ Ethnographic Ensemble) ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի աշակերտներն ու ուսուցիչները։

Հայկական մշակութային ժառանգութիւնն ու ազգային աւանդութիւնները արժեւորելու եւ նոր սերունդներուն փոխանցելու նպատակով, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Գանատայի շրջանային վարչութիւնը հայրենիքէն հրաւիրած է «Ակունք» համոյթը, որ ելոյթով հանդէս պիտի գայ շաբաթ, 4 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ:

Այս թիւով «Թորոնթոհայ»-ը կը նշէ իր քսանամեակը:Առաջին երկլեզու խմբագրականէն (հոկտ. 2005. տպագրուած այս թիւի շապիկին) մինչ...
10/01/2025

Այս թիւով «Թորոնթոհայ»-ը կը նշէ իր քսանամեակը:
Առաջին երկլեզու խմբագրականէն (հոկտ. 2005. տպագրուած այս թիւի շապիկին) մինչեւ այսօր լոյս տեսած վերափոխուած հրատարակութիւնը, «Թորոնթոհայ»-ը հաւատարիմ մնացած է իր նպատակին՝ ըլլալով հարթակ ամբողջ համայնքին համար։

With this issue, Torontohye celebrates its 20th anniversary.
From the very first issue (Oct. 2005; printed on the cover of this month's issue) to the redesigned and rebranded editions published today, Torontohye has remained true to its goal of being a platform for the entire community.

Ճշմարտութեան եւ հաշտեցման օրը կը յիշատակէ տուն չվերադարձած Գանատայի բնիկ ժողովուրդներու երեխաներն ու Residential School ...
09/30/2025

Ճշմարտութեան եւ հաշտեցման օրը կը յիշատակէ տուն չվերադարձած Գանատայի բնիկ ժողովուրդներու երեխաներն ու Residential School դպրոցներու վերապրողները: Residential School դպրոցներու ողբերգական եւ ցաւալի պատմութեան եւ շարունակական ազդեցութեան հրապարակային ոգեկոչումը հաշտեցման գործընթացի կենսական բաղադրիչն է:

Գանատայի մէջ, ամէն տարի 30 սեպտեմբերին կը նշենք Ճշմարտութեան եւ հաշտեցման օրը:

Գեղանկար՝ «Բնիկ (Գանատացներու) արուեստէն ներշնչուած». գործ՝ գանատահայ արուեստագետ Սերժ Դեհերեանի. իւղաներկ կտաւի վրայ, 121.9 x 121.9 սմ

Sept. 30 marks the National Day for Truth and Reconciliation. The day honours the children who never returned home and the survivors of residential schools, as well as their families and communities.

Public commemoration of the tragic and painful history and ongoing impacts of residential schools is a vital component of the reconciliation process.

Painting: “Inspired by Indigenous Art” by Canadian Armenian artist Serge Deherian. Oil on canvas, 121.9 cm x 121.9 cm

«Ֆիզիքական թերթը համայնքին շօշափելի պատմութիւնն է, ուր կը պահուին արժէքներ, սովորութիւններ, ձեռքբերումներ...» Ռուբէն Ճան...
09/30/2025

«Ֆիզիքական թերթը համայնքին շօշափելի պատմութիւնն է, ուր կը պահուին արժէքներ, սովորութիւններ, ձեռքբերումներ...» Ռուբէն Ճանպազեան
զրոյցը վարեց Վահան Կ. Մանճիկեանը

«Թորոնթոհայ»-ի խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեան վերջերս հիւրն էր Փարիզի «Նոր յառաջ»-ի հարցազրոյց (փոտքասթ) ծրագիրին: Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցին գրաւոր տարբերակը: Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Նոր յառաջ»-ի խմբագրութեան եւ զրուցավար Վահան Կ. Մանճիկեանին:

***

«Նոր յառաջ» – Սփիւռքի հայատառ մամուլին կրտսերագոյնն է «Թորոնթոհայ»-ը։ Հայկական տպագիր թերթեր կը դադրին լոյս տեսնելէ (վերջինը՝ դարաւոր պատմութիւն ունեցող «Հայրենիք»-ը) նիւթական, ընթերցողի սակաւութեան եւ այլ պատճառներով, դուք կը թիավարէք հոսանքին հակառակ։ Ինչպէ՞ս ստեղծուեցաւ «Թորոնթոհայ»-ը եւ ի՞նչ են անոր իւրայատկութիւնները։

Ռուբէն Ճանպազեան – «Թորոնթոհայ»-ը 2005 թուականին հիմնադրուած է, այս տարի 20-ամեակն է։ Հիմնադրումը կարեւոր եզրակացութիւն մը ներկայացուց Թորոնթոյի հայ համայնքի մշակութային եւ ընկերային կեանքին մէջ։ Թերթը ծնունդ առած է ի պատասխան համայնքի աճող կարիքին՝ ունենալու միասնական հարթակ մը, որ կրնար արձանագրել եւ ցոլացնել Թորոնթոյի եւ Հարաւային Օնթարիոյի հայերու զարգացող փորձառութիւններն ու պատմութիւնները։ «Թորոնթոհայ»-ը յղացուեցաւ որպէս նախ եւ առաջ երկլեզու (հայերէն-անգլերէն) հրատարակութիւն, երկլեզու ձեւաչափը միտումնաւոր որդեգրուած էր ընդգրկելու համար թորոնթոհայ համայնքի բոլոր շերտերը, հասանելի դառնալու՝ հասանելի բովանդակութեամբ։ Հիմնադրութեան առաջին խմբագրականին մէջ՝ երկլեզուով գրուած, հիմնադիր-խմբագրի՝ Կարին Սաղտըճեան-Տէր Յակոբեանի ձեռամբ, յստակ յանձնառութիւն մը կար՝ «Թորոնթոհայ»-ը համայնքային հարթակ ծառայելու մասին։ Հայերէն խմբագրականով կը շեշտուէր համայնքին հաւաքական պատասխանատուութեամբ թերթ մը ձեւաւորելու եւ անոր շարունակականութիւնը ապահովելու աշխատանքին անհրաժեշտութիւնը, իսկ անգլերէն բաժնին մէջ յատկապէս կ՚ընդգծէր թերթին սահմանուած դերը համայնքին մէջ բաց մը լրացնելու համար։ 2022-ին ստանձնեցի խմբագրութիւնը հեռակայ կարգով՝ Երեւանէն։ Թերթը համավարակի տարիներուն չտպուեցաւ, 2023-ին տպագիր թերթը վերսկսաւ հրատարակուիլ եւ կը շարունակուի մինչ օրս։ 2023-էն ի վեր թերթը հանրութեան կը մատուցուի բոլորովին նոր ձեւաչափով եւ հետաքրքրական մօտեցումներով։

«Նոր յառաջ» – Գանատան իբրեւ հայկական մամուլ ունի «Հորիզոն»-ն ու «Ապագայ»-ն, առցանց հարթակ՝ «Գեղարդ»-ը։ Հազուագիւտ պարագաներու է որ սփիւռքահայ մամուլը տեղայնացած անուններ կը կրէ, սակայն դուք շեշտը կը դնէք թորոնթոհայութեան վրայ։ Մոնթրէալի հայութեան կամ գանատահայ այլ համայնքներու առօրեան ձեզ չի՞ հետաքրքրեր, կամ՝ Գանատայէն դուրս հայութեան առօրեան։

Ճանպազեան – Անշուշտ կը հետաքրքրէ։ Անձնապէս հետաքրքրուած եմ Գանատայի մեր համայնքներով եւ սփիւռքահայ այլ համայնքներով։ 2022-ին երբ ստանձնեցի խմբագրութիւնը, շարք մը խմբագրական փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, թերթը անգամ մը եւս ամբողջապէս «թորոնթոկեդրոն» դարձնելու որոշում մը կայացաւ։ Այս որոշումը կը ներկայացնէ խորքային փոփոխութիւն մը խմբագրութեան կողմէ՝ իր համայնքին ծառայելու կերպին մէջ։ Փոքր հարցախոյզ մը կատարեցի աւելի մօտէն ճանչնալու ընթերցողութիւնը։ Երբ արդիւնքներու գնահատում մը ըրի, պարզ դարձաւ, որ թորոնթոհայը կը գնահատէ այն ընթերցանութիւնները, որոնք ուղղակի կ՚առնչուին իրեն՝ իր համայնքին, անդամներուն, լայն առումով Թորոնթոյի։ Ասոր հիման վրայ էական էր որոշ որոշումներ կայացնելը։ Այս հարցախոյզը շատ յստակ պատկեր մը տուաւ, թէ որոնք են «Թորոնթոհայ»-ի ընթերցողները, որոնք կրնան ըլլալ ապագայ ընթերցողները, ի՞նչն է որ ընթերցողը կը փնտռէ համայնքային թերթի մը մէջ։

Թորոնթոյի համայնքին վրայ կեդրոնացումը կը ցոլացնէ համայնքի համախմբման մէջ տեղական լրագրութեան դերին աւելի լայն ըմբռնումը։ Համայնքային լրագրութեան մէջ կայ ընդհանուր մօտեցում մը, որուն մասին գրած եմ թէ՛ համալսարանական տարիներուն եւ թէ՛ թերթերու մէջ։ Տեղական լրագրութիւնը ունի շատ յստակ քանի մը առաւելութիւն՝ աւելի լայն տարածաշրջանային, համաշխարհային մամուլին համեմատ։ Նախ եւ առաջ կը ստեղծէ պատկերելիութիւն, այսինքն` ընթերցողը ներգրաւուած կը զգայ, երբ նիւթերը իր եւ իր շրջապատին մասին են, կ՚օգնէ պահպանելու ընկերական հիւսուածք մը, որ մէջտեղ եկած է տարիներու ընթացքին համայնքին մէջ եւ կապը կ՛ամրապնդէ համայնքի անդամներուն մէջ․ ընթերցողները կը տեսնեն իրենց համաքաղաքացիները, բարեկամները, կազմակերպութեան ղեկավարները, եւ երբ անոնք կը ներկայացուին թերթին էջերուն մէջ, աւելի խորունկ կապ մը խթանելու փորձ մը կ՚ըլլայ։ Մենք տեսած ենք, որ այդ մէկը կը յաջողի «Թորոնթոհայ»-ի պարագային։

«Նոր յառաջ» – Ի՞նչ նշանակութիւն ունի 2025-ին տպագիր թերթ հրատարակելը։ Կը կարծէք, տպագրութիւնը խորհրդանշական արժէք մը ունի, զոր թուայինը չի կրնար փոխարինել։ Ի՞նչ մարտահրաւէրներ ունիք։

Ճանպազեան – Որպէս խմբագիր՝ տպագիր թերթը խիստ սահմաններ կը գծէ, բան մը որ թուայինը չի կրնար ընել։ Երբ թերթը տպարան ղրկուի, հոն ամէն ինչ կը վերջանայ, այդ սահմանը թուայինը չի կրնար գծել։ Եթէ յանկարծ վրիպակ մը ըլլայ, կարելի է իսկոյն առցանց սրբագրել, տպագիրը՝ անփոփոխելի է, իսկ երբ տպուի, ֆիզիքական, շօշափելի կը դառնայ ձեռքերուդ մէջ։ Որպէս ընթերցող՝ տպագիր տարբերակը ընթերցելը բոլորովին տարբեր բնոյթ մը ունի, էջադրուած է ձեւով մը, որ առաջին էջէն վերջինը կարդացուի, միտումնաւոր եղած է՝ թերթը ամբողջովին կարդալու եւ այդ հերթականութեամբ կարդալու նպատակով դասաւորուած է։ Թուային տարբերակը անշուշտ շատ մը անժխտելի առաւելութիւններ ունի՝ արագ է, ճկուն է, բայց յաճախ չի մնար մեզի հետ։

Տպագիր թերթը համայնքային լրագրութեան սիւներէն է ամէն տեղ։ Այսօր Թորոնթոյի մէջ կան շատ մը փոքրամասնութիւններու համայնքային թերթեր։ Ի վերջոյ ֆիզիքական թերթը համայնքի մը շօշափելի պատմութիւնն է, ուր կը պահուին արժէքներ, սովորութիւններ, ձեռքբերումներ եւ այլն։ Համավարակի ընթացքին՝ շուրջ մէկուկէս տարի, կասեցուցինք տպագրութիւնը, միայն առցանց հրապարակուեցաւ, ապա վերստին տպագրուեցաւ 2023-էն։ Փետրուարին մեր գործակից տպարանէն նամակ մը ստացանք, որ պիտի դադրեցնէ իր գործունէութիւնը, սնանկացած է։ Այս իրավիճակը մեզի պարտադրեց, որ արագօրէն գործի լծուինք գտնելու համար նոր գործընկեր մը, նոր տպարան մը։ Հարց մը ծագեցաւ այդ ընթացքին, թէ եթէ հազարաւոր օրինակներ տպող համայնքային թերթ մը, որ փոքր կը համարուի ամբողջ Թորոնթոյի մէջ՝ դժուարութիւն ունեցաւ, – որու որ զանգէինք, տպաքանակը բաւարար չէր գտներ։ Մենք երկու-երեք հազար օրինակ կը տպենք ամէն ամիս, մինչ տպարանները ընդհանրապէս տասը հազար եւ աւելի օրինակ կը տպեն։– Այսօր ընդհանուր տպագրութեան ասպարէզին մէջ տիրող վիճակով, երբ մեծ պարբերականները կամ թերթերը իշխող դիրք ունին, փոքր, անկախ կամ համայնքային հրատարակութիւնները լուրջ դժուարութիւններ կ՚ունենան, օր ըստ օրէ աւելի կը դժուարանայ գտնել գործընկեր տպարան մը, որ փոքր թերթերու հետ կը համագործակցի։ Այս բոլորէն մեկնելով՝ կրնանք ըսել՝ անորոշ ապագայի մը դէմ կը գտնուինք, երբ համայնքային թերթի մասին խօսինք։

Ամէն պարագայի, նոյնիսկ 2025-ին, երբ թուային այս պայմաններուն մէջ կը փորձենք մեր գործը յառաջ տանիլ, տպագիր թերթ տպելը ի վերջոյ ունի խորհրդանշական արժէքներ եւ յատկանիշեր, զորս թուայինը լիովին չի կրնար փոխարինել, այսինքն՝ չի կրնար այդ նոյն դերը ստանձնել։ Կրնան երկուքը միասնաբար ծառայել համայնքի մը կարիքներուն, բայց առանց տպագիրին այդ նոյն համն ու հոտը պիտի չըլլայ։

«Նոր յառաջ» – Կ’ուզէի, որ խօսէինք անգլերէնի եւ հայերէնի յարաբերակցութեան մասին՝ ո՛չ միայն բովանդակութեան հետ կապուած, այլ նաեւ ընթերցողներու տեսանկիւնէն։

Ճանպազեան – Անգլերէնով եւ հայերէնով կը հրատարակենք ներգրաւելու համար համայնքի բոլոր սերունդները, շերտերը։ Կը փորձենք երկլեզու հաւասարակշռուած մօտեցում մը որդեգրել՝ երբեմն սերունդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բացը լրացնելու, նաեւ կը փորձենք մատչելի դարձնել հայերէնը, որ նոյնիսկ անոնք, որոնք բոլորովին չեն տիրապետեր, մուտք մը ունենան հայերէնին։ Նախընտրած ենք քիչ մը աւելի զարկ տալ հայերէնին։ Թերթին շուրջ երեք քառորդը հայերէն է, քառորդը՝ անգլերէն։ Գրողներ, թղթակիցներ, աշխատակիցներ գտնելու մարտահրաւէրներ յաճախ կ՚ունենանք, սակայն բախտաւոր ենք, որ Թորոնթօն հայախօս համայնք է, ունինք բոլոր հաստատութիւնները, որոնք կը խթանեն հայախօսութիւնը։ Եթէ առանց լուրջ զիջումներու, մատչելի լեզուով մատուցուին նիւթերը՝ հետաքրքրական, տարբերող ձեւով, յատուկ՝ թերթին, նիւթեր, որոնք ընթերցողին առօրեային հետ կ՚առնչուին եւ ոչ միայն կապուած են աւանդական հարցերու շուրջ։ Կրնանք նաեւ երիտասարդութիւնը կապել լեզուին, կրնանք ներգրաւել երիտասարդութիւն մը, որ հաւանաբար կը վախնայ մօտենալէն։

«Նոր յառաջ» – Որո՞նք են թերթ մը տպելու մարտահրաւէրները։ Ո՞վ կը հովանաւորէ «Թորոնթոհայ»-ը եւ որո՞նք են անոր գոյատեւելու երաշխիքները։

Ճանպազեան – «Թորոնթոհայ»-ը կը հրատարակուի Torontohye Communications Inc.-ի («Թորոնթոյի հաղորդակցութեան ընկերակցութիւն») կողմէ, որ կը գործէ Թորոնթոյի հայ կեդրոնէն ներս, այսինքն՝ կեդրոնն է թերթին գլխաւոր նիւթական հովանաւորն ու աջակիցը։ Թերթը քաղաքական թերթ չէ, կը պահպանէ խմբագրական անկախութիւն եւ կը ձգտի ծառայել ամբողջ համայնքի կարիքներուն՝ անկախ քաղաքական, կրօնական կամ կազմակերպական այլ պատկանելիութիւններէ։ Անշուշտ ծանուցումներ կը հաւաքենք, որոնք կը տպուին թերթին մէջ, որոնց շնորհիւ կրնանք մեր ծախսերը հոգալ։ Նպատակ չունինք շահութաբեր ըլլալու, բայց առանց Հայ կեդրոնին նիւթապէս ինքնաբաւ պիտի չկարենայինք ըլլալ։

Նոր կայքէջ մը պիտի սկսինք շատ շուտով, որուն հետ նաեւ ծրագիր մը, որ ընթերցողներուն կու տայ թերթին նիւթապէս աջակցելու հնարաւորութիւն՝ ամսական կամ տարեկան դրութեամբ։ Այս մէկը բաժանորդագրութիւն չէ, – մենք ի սկզբանէ թերթը անվճար կը տրամադրենք բոլորին, – պարզապէս աջակցելու կարելիութիւն ընձեռելու համար է։ Յոյսով ենք, որ մեր տարիներու ընթերցողները անգամ մը եւս պիտի ընդառաջեն եւ աջակցին։

«Նոր յառաջ» – Խօսինք բնագիր ստեղծելու եւ այլ էական հարցերու մասին, որոնց համար անհրաժեշտ է մարդուժը։ Ինչպէ՞ս կը կարծէք որ կարելի է կերտել այս մարդուժը։ Իսկ արտատպումի մասին ի՞նչ կ’ըսէք։

Ճանպազեան – Ունինք թիւով փոքր, բայց շատ հաւատարիմ խումբ մը մասնաժամ աշխատակիցներ, առանց որոնց անկարելի պիտի ըլլար թերթին գոյատեւումը։ Ունինք նաեւ փաղանգ մը կամաւորներու՝ կամաւոր թղթակիցներ, օգնականներ, խորհրդատուներ, որոնք եւս մեծապէս օգտակար կ’ըլլան թերթին կենսունակութեան։ Գալով արտատպումին, ամբողջապէս բնագիր արտադրելու յանձնառութեան որոշումը առինք միտումնաւոր հեռացումի համար շատ մը այլ թերթերէ։ Ցաւօք սփիւռքահայ թերթերուն մէջ առկայ է այս սովորութիւնը տարիներէ ի վեր. յաճախ կ’արտատպուին յօդուածներ, տարբեր թերթեր կը վերարտադրեն մէկզմէկու նիւթերը կամ ուղղակի կը վերատպեն մամլոյ հաղորդագրութիւնները։ Թէեւ բովանդակութիւն բաժնելու այս սովորութիւնը ունի գործնական կէտեր, սակայն շատ ալ թերութիւններ ունի, որոնք համայնքային ներգրաւման տեսակէտէն պէտք է դիտուին։ Բնագիր բովանդակութիւնը թոյլ կու տայ կեդրոնանալ յատկապէս համայնքի հետաքրքրութիւններուն, կարիքներուն եւ մտահոգութիւններուն վրայ։ Երբ թերթ մը կը վերհրատարակէ սփիւռքի այլ լրատու միջոցներէն, յաճախ կը կորսնցնէ այդ տեղական յատկութիւնը եւ նոյնանման կը դառնայ, ամէն տեղ նոյնը կը կարդանք։ Մինչ բնագիր լրագրութիւնը կ’ապահովէ լուսաբանուող հարցերու ուղղակի առնչութիւնը ընթերցողին, մանաւանդ համայնքային թերթի պարագային։ Ըստ իս՝ թերթը այս ձեւով աւելի արժէքաւոր, աւելի վստահելի աղբիւր, աւելի հոգեհարազատ կը դառնայ լսարանին համար։ Օրինակի համար՝ եթէ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելոսի մէջ, փոխանակ պարզապէս վերատպելու այդ լուրը թերթին մէջ, թորոնթոհայը կրնայ դիտել այդ ձեռնարկը ուղիղ հեռարձակումով, կրնայ կարդալ անոր մասին, կրնայ խօսիլ անոր մասնակիցներուն մասին եւ գրել իր տեսանկիւնէն դիտուած, թէ ինչպէ՞ս պիտի ազդէ այդ մէկը Թորոնթոյի համայնքին վրայ։ Կը կարծեմ շատ աւելի արժէքաւոր կը դառնայ յօդուած մը, թղթակցութիւն մը երբ այս ձեւով գրուի։ Տեղայնացուած մօտեցում մըն է այս մէկը, որ աւելի ուժեղ կապ մը կը ստեղծէ թերթին եւ անոր ընթերցողներուն միջեւ։ Վստահելիութիւնը պահպանելու համար բոլորովին բնագիր բովանդակութեան դիրքորոշում մը որդեգրելը շատ կարեւոր է թերթի մը համար, մանաւանդ համայնքային թերթի մը համար։

«Նոր յառաջ» – Ձեր ըսածը շատ ճիշտ է, բայց որոշ թերթեր մարդուժի խնդիր ունին կարծես եւ այդ հարցը կը փորձեն լուծել արտատպումով։ Ատոր առաջքը ինչպէ՞ս կարելի է առնել։

Ճանպազեան – Այո՛, մարդուժի լուրջ խնդիր ունինք բոլորս, այս մարտահրաւէրը լաւ թէ վատ, գէշ-աղէկ կը փորձենք դիմագրաւել։ Ըստ իս՝ բնագիր բովանդակութեան շեշտը դուռ կը բանայ տեղական եւ շատ աւելի stakeholder-ներու (շահագրգիռ կողմերու)՝ համայնքի անդամներու, գրողներու, լրագրողներու։ Աւելի մեծ ներգրաւուածութիւն կրնան ապրիլ անոնք, եթէ բնագիր ըլլայ բովանդակութիւն մը։ Երբ թերթ մը կը հիմնուի վերահրատարակուած բովանդակութեան վրայ, յաճախ քիչ կարիք կ’ըլլայ ներդրողներու, կրնայ այս մէկը տեղական ձայները նաեւ լռեցնել, մեկուսացնել կամ առանցքի մէջ պահել։ Բնագիր բովանդակութիւնը նաեւ կը հրաւիրէ համայնքի անդամները եւ կը խրախուսէ զանոնք, որ իրենց պատմութիւններով կիսուին, առիթ կ՚ընձեռէ, մարդուժ կը ստեղծէ։ Երբ որոշում կայացուցած ենք, որ նիւթերը մե՛նք պիտի գրենք, մե՛ր տեսակէտով, գրողն ալ կը գտնենք, թղթակիցն ալ կը գտնենք, եւ այդ մէկը երբ մատուցուի, ընթերցողն ալ կու գայ։ Եթէ աւելի լայն համածիրով առնենք, այլ լրատու միջոցներէ արտատպումը ի վերջոյ կը սահմանափակէ որեւէ թերթի խմբագրական շրջանակը, կը նուազեցնէ անոնց դերը եւ փոխանակ զանոնք ներգրաւելու, հեռու կը պահէ։

«Նոր յառաջ» – Ի՞նչ է ձեր մօտեցումը փոքրիկներու համար յօդուածներ հրատարակելու, ինչպէս «Ազդակ»-ի «Պզտիկ-Մզտիկ»-ը եւ «Գանձասար»-ի «Կկու»-ն կ՚ընեն։

Ճանպազեան – Ես առաջին քայլերս առած եմ մանկապատանեկան էջերու մէջ, շատ բան կը պարտիմ «Հորիզոն»-ին, խմբագիր Վահագն Գարագաշեանին, որ միշտ տեղ կու տար մեզի պատանեկութենէն մինչեւ երիտասարդութիւն։ Այդ մանկապատանեկան էջերը լուրջ դեր կը խաղան, հաւանաբար բաց մը կայ «Թորոնթոհայ»-ի էջերուն մէջ, երբ պզտիկներուն մասին մտածենք։ 2023-էն ի վեր որդեգրած ենք ամսական խաչբառի մը հրատարակումը արեւմտահայերէնով, որ թէ՛ դիւրին եւ թէ՛ դժուար հարցումներ կը պարունակէ երէց պատանիներուն համար։ Թորոնթոյի ամենօրեայ վարժարանի աշակերտներուն կը ցրուուի թերթը եւ իրենք կ՚ամբողջացնեն խաչբառները։ Ունինք նաեւ փոքր խաղեր՝ «Զուլալին առանձնատառ»-ն (հայերէն սուտօքու) եւ Armen’s math corner-ը (անգլերէնով թուաբանական խնդիրներ), յատկապէս պատրաստուած պատանի եւ երիտասարդ ընթերցողներու համար։ Հաւանաբար մենք աւելի գործ պէտք է տանինք ուղղակի երթալու այդ երիտասարդներուն, որպէսզի իրենք ալ սկսին գրել զիրենք յուզող հարցերու մասին։

«Նոր յառաջ» – Եթէ հիմա պատկերացնելու ըլլայիք «Թորոնթոհայ»-ը 25 տարի ետք, ինչպէ՞ս կ’ուզէիք տեսնել զայն։

Ճանպազեան – Կ’ուզեմ ձեռքերուս մէջ բռնել զայն, ֆիզիքական, տպագիր տարբերակը կ’ուզեմ ձեռքիս մէջ ըլլայ։ Այս ըսելով, կը յուսայի որ նաեւ ան քայլ պահէ ժամանակին հետ, զարգանայ, յեղափոխուի։ Երբ ստանձնեցի խմբագրութիւնը եւ որոշեցինք վերսկսիլ տպագիրը, խմբագրական որոշում մը կայացուցինք, որ իւրաքանչիւր թիւի վերը, խորագիրէն բարձր, ասոյթ մը, խօսք մը, ասացուածք մը, յաճախ գրաբար ասացուածք մը դնենք, առանց որեւէ բացատրութեան։ Առաջին խմբագրած թիւս ունէր հետեւեալ խօսքը. «Ժամանակը վազում է յառաջ, ուրեմն ժողովուրդը պիտոյ է վազել», այսինքն քայլ պիտի պահենք ժամանակին հետ։ Այո՛, ցաւոտ է լսել, որ այսօր սփիւռքեան կարգ մը թերթեր՝ «Հայրենիք»-ը, Armenian Weekly-ն կը դադրեցնեն իրենց տպագիր թերթի հրատարակութիւնը, սակայն ժամանակը չէ հասած «Թորոնթոհայ»-ին, բայց կրնայ հասնիլ։ Պիտի չվախնանք, այլ՝ քայլ պիտի պահենք։ Բարեբախտաբար երկու-երեք հազար օրինակ կը հրատարակենք ամէն ամիս, բոլորն ալ կը սպառին, բոլորն ալ գոհ են տպագիր թերթ ունենալով, ես գոհ եմ, մեր աշխատակիցները գոհ են, այսինքն հիմակուհիմա այդ խնդիրը չունինք։

2023-ին խմբագրական կազմով որոշեցինք կանոնագրել մեր տեսլականը, սկզբունքները, նոյնիսկ մեր առաքելութիւնը սահմանած ենք եւ առաջին վերահրատարակուած թիւին մէջ հրատարակած զայն որպէս մեր նպատակը եւ կը փորձենք հետեւիլ անոր։ ֎

***

Այս զրոյցը վերահրատարակուած է «Թորոնթոհայ»-ի սեպտ. 2025 ( #217) թիւին մէջ: Խորին շնորհակալութիւն Վահան Կ. Մանճիկեանին եւ «Նոր յառաջ»-ի խմբագրութեան:

լուսանկարը՝ Proper Studios-ի

Address

45 Hallcrown Place
Toronto, ON
M2J4Y4

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Torontohye/Թորոնթոհայ posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Business

Send a message to Torontohye/Թորոնթոհայ:

Featured

Share