16/08/2026
«Պէ՞տք է գրողը մտահոգուի ընթերցողին ճակատագրով»
Հարցազրոյց բանաստեղծ, արձակագիր, մանկավարժ Մարուշ Երամեանի հետ
Մարուշ Երամեան արգասեբեր գրիչ ունի։ Ծնունդով Հալէպէն եւ փոխանակ դէպի արեւմուտք կամ Հայաստան գաղթելու նախընտրած է Եգիպտոսը, ուր դասաւանդած է եւ ներկայիս կը տնօրինէ ՀԲԸՄ-ի Երուանդ Աղաթօն գրադարանը եւ կը ստեղծագործէ առատապէս։ Հայաստան այցելութեան առթիւ «Յառաջ» կեդրոնին մէջ կայացաւ իր վերջին հրատարակութիւններուն եւ ընդհանրապէս գրականութեան մասին տեսազրոյցը: