Գանձարան - Hamazkayin Publishing, Bookstore

Գանձարան - Hamazkayin Publishing, Bookstore Kantsaran is the Official page of Hamazkayin "Vahe" Sethian" Printing-Publishing House and Bookstore.

30/10/2025
29/10/2025

Ապսպրանքի համար դիմել Համազգայինի գրախանութ:
+961 70 580 167

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի 5-րդ դասարանի աշակերտները իրենց դաստիարակներու եւ պատասխանատուներու ուղեկցու...
28/10/2025

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի 5-րդ դասարանի աշակերտները իրենց դաստիարակներու եւ պատասխանատուներու ուղեկցութեամբ երեքշաբթի, 28 հոկտեմբերին այցելեցին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն եւ գրախանութ: Անոնք շրջագայեցան հաստատութեան բաժանմունքները եւ մօտէն ծանօթացան գրախանութի մանկական հրատարակութիւններուն, ինչպէս նաեւ տպարանային աշխատանքներուն: Այս առիթով տպարանի անձնակազմը աշակերտներուն փոխանցեց տպարանային ընդհանուր գործընթացի մասին տեղեկութիւններ: Աւարտին՝ իւրաքանչիւր աշակերտ հրատարակչատան տնօրէնութեան կողմէ նուէր ստացաւ մանկական հրատարակութիւն մը:

Հայ Կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարանի 3-րդ եւ 4-րդ դասարանի աշակերտները իրենց դաստիարակներու ուղեկցութեամբ հինգշաբթի,...
23/10/2025

Հայ Կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարանի 3-րդ եւ 4-րդ դասարանի աշակերտները իրենց դաստիարակներու ուղեկցութեամբ հինգշաբթի, 23 հոկտեմբերին այցելեցին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն եւ գրախանութ: Անոնք մօտէն ծանօթացան գրախանութի մանկական հրատարակութիւններուն, ինչպէս նաեւ տպարանային աշխատանքներուն:
Այս առիթով իւրաքանչիւր աշակերտ հրատարակչատան տնօրէնութեան կողմէ նուէր ստացաւ մանկական հրատարակութիւն մը:

12/10/2025
06/10/2025

Լոյս տեսաւ
«ՆԱՐԷՆ ԱԳԱՐԱԿ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ» գիրքը
Հեղինակ՝ Ալին Պաղտասարեան
Նկարազարդում՝ Bizon Production

Տպագրութիւն ՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան

Ստանալու համար դիմել Համազգայինի գրախանութ

Սակ ՝ 10$

ՀՅԴ ՄԻՋՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ ԵՒ «ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ» ...
04/10/2025

ՀՅԴ ՄԻՋՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ ԵՒ «ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀ

Այսօր, շաբաթ 4 հոկտեմբերին, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպած «Դաշնակցութիւնը եւ ուսանողութիւնը» խորագիրով միջուսանողական խորհրդաժողովին մասնակիցները այցելեցին Շաղզոյեան կեդրոնի մէջ գործող կառոյցները ու այս ծիրին մէջ՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ։
Հաստատութեան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան ողջունեց մասնակիցները եւ անդրադարձաւ հրատարակչատան 95-ամեայ երթին եւ Համազգայինի հիմնադիրներէն, ինչպէս նաեւ հրատարակչատան հիմնադիր Նիկոլ Աղբալեանի մեծ ներդրումին ու վաստակին։
Յայտնենք, որ խորհրդաժողովին կը մասնակցին տարբեր երկիրներէ ՀՅԴ ուսանողական եւ երիտասարդական 12 միութիւններ։

Address

Borj Hammoud

Opening Hours

Monday 08:00 - 17:00
Tuesday 08:00 - 17:00
Wednesday 08:00 - 17:00
Thursday 08:00 - 17:00
Friday 08:00 - 17:00
Saturday 08:00 - 12:00

Telephone

+9611241263

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Գանձարան - Hamazkayin Publishing, Bookstore posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Business

Send a message to Գանձարան - Hamazkayin Publishing, Bookstore:

Share

Category

About us

1931 The publishing activities of Hamazkayin were launched in Beirut.

1944 The Publishing House started publishing “Agos”, the Djemaran Alumni Union’s magazine.

1946 The Publishing House started publishing the complete works of author Levon Shant.

1947 Following N. Aghpalian’s death, and as stipulated in his will, the Publishing House became the property of Hamazkayin. Hence, the Hamazkayin Central Executive Board decided to rename it “Hamazkayin Publishing House”.