Ժամանակ Jamanak Օրաթերթ

Ժամանակ Jamanak Օրաթերթ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի եր­թը կը շա­րու­նա­կուի իր ըն­թ

ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ՝ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՇՈՒՐՋ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՄՆ-Ի ՀԵՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸԹուրք...
20/11/2025

ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ՝ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՇՈՒՐՋ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՄՆ-Ի ՀԵՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիա կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան, որ միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներու շարքին է վերջին տարիներուն։
http://www.jamanak.com/content/1/20-11-2025/43554

TRIPP-Ը ԿԻԶԱԿԷՏԱՅԻՆԵրեւան-Թիֆլիզ առանցքին վրայ խտացեալ շփումներ տեղի կ՚ունենան՝ Հարաւային Կովկասի նոր իրավիճակի պայմաննե...
20/11/2025

TRIPP-Ը ԿԻԶԱԿԷՏԱՅԻՆ
Երեւան-Թիֆլիզ առանցքին վրայ խտացեալ շփումներ տեղի կ՚ունենան՝ Հարաւային Կովկասի նոր իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ։
http://www.jamanak.com/content/1/20-11-2025/43553

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ՇԷՅՊԱՆԻԻ ԶՐՈՅՑԸՀայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէ...
20/11/2025

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ՇԷՅՊԱՆԻԻ ԶՐՈՅՑԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանի համաձայնեցան, որպէսզի քաղաքական երկխօսութիւնը աշխուժանայ երկու երկիրներուն միջեւ։
http://www.jamanak.com/content/1/20-11-2025/43552

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՂԱԶԱԽԻՍՏԱՆԱյսօր, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցելութեամբ կը մեկնի Աստանա՝ Ղազախիստանի նախ...
20/11/2025

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՂԱԶԱԽԻՍՏԱՆ
Այսօր, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցելութեամբ կը մեկնի Աստանա՝ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւի հրաւէրին ընդառաջ։
http://www.jamanak.com/content/1/20-11-2025/43551

ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐՈւքրայնայի հետ հակամարտութեան համայնապատկերին վրայ Ռուսաստան շարունակական շփումներ կ՚ունենայ աշխարհ...
20/11/2025

ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Ուքրայնայի հետ հակամարտութեան համայնապատկերին վրայ Ռուսաստան շարունակական շփումներ կ՚ունենայ աշխարհի այլ ուժային կեդրոններուն հետ։
http://www.jamanak.com/content/1/20-11-2025/43550

ԲԱԶՄԱԶԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԹԱԿԵրեւանի թատերական միջազգային փառատօնը այս օրերուն կը մագնիսացնէ գեղարուեստասէր շրջանակներու ուշադրո...
20/11/2025

ԲԱԶՄԱԶԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԹԱԿ
Երեւանի թատերական միջազգային փառատօնը այս օրերուն կը մագնիսացնէ գեղարուեստասէր շրջանակներու ուշադրութիւնը։
http://www.jamanak.com/content/1/20-11-2025/43549

ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻԱրժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քահանայ Ուզունեան ակադեմական աշխատանքներու բերմամբ լուսարարապետութեան պաշտօնէն հրա...
20/11/2025

ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ
Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քահանայ Ուզունեան ակադեմական աշխատանքներու բերմամբ լուսարարապետութեան պաշտօնէն հրաժարած ըլլալով, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը փոխան լուսարարապետութեան ըրած է հետեւեալ տնօրինութիւնները.
http://www.jamanak.com/content/3/20-11-2025/43561

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻԱյս առաւօտ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆա...
20/11/2025

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻ
Այս առաւօտ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետուհի Թամար Քարասու Մայօղլուն, որուն կ՚ընկերանար անդամուհիներէն Պեսսէ Քապաք։
http://www.jamanak.com/content/3/20-11-2025/43560

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՇՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹՒԻՆԸԵրէկ, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութե...
20/11/2025

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՇՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹՒԻՆԸ
Երէկ, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանն ու գործակից ընկերները։
http://www.jamanak.com/content/3/20-11-2025/43559

ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԵրէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Գու...
20/11/2025

ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Գուգարաց թեմի հոգեւոր սպասաւորները՝ գլխաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի։
http://www.jamanak.com/content/4/20-11-2025/43548

ԱԿՆԱՐԿ - 143 - ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՍՊԻՆԵՐՈՎ ԸՆԹԱՑՈՂԸՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ27 մարտ 2010-ի թերթիս երրորդ էջին վրայ «Դարադարձի հերոսը» վեր...
20/11/2025

ԱԿՆԱՐԿ - 143 - ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՍՊԻՆԵՐՈՎ ԸՆԹԱՑՈՂԸ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
27 մարտ 2010-ի թերթիս երրորդ էջին վրայ «Դարադարձի հերոսը» վերանգիրին տակ կը կարդանք Նատիա Գօչունեանի մասին, ուր մանրամասնութեամբ ներկայացուած է անոր կենսագրութիւնն ու անցած ուղին:
http://www.jamanak.com/content/12/20-11-2025/43556

Address

Istanbul

Opening Hours

Monday 09:00 - 17:00
Tuesday 09:00 - 17:00
Wednesday 09:00 - 17:00
Thursday 09:00 - 17:00
Friday 09:00 - 17:00
Saturday 09:00 - 13:00

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Ժամանակ Jamanak Օրաթերթ posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Business

Send a message to Ժամանակ Jamanak Օրաթերթ:

Share

ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը հիմ­նուած է 28 Հոկ­տեմ­բեր 1908 թուա­կա­նին, Մի­սաք եւ Սար­գիս Գօ­չու­նեան եղ­բայր­նե­րուն կող­մէ։ Այս պա­հու դրու­թեամբ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ ամ­բողջ հա­յաշ­խար­հի հնա­գոյն օ­րա­թերթն է, որ կը հրա­տա­րա­կուի ա­նընդ­հատ։ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ միե­ւոյն ա­տեն Թուր­քիոյ մէջ հրա­տա­րա­կուող օ­րա­թեր­թե­րու ա­մե­նա­հինն է, նոյն­պէս ա­նընդ­մէջ հրա­տա­րա­կու­թեան ա­ռու­մով։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ կը հան­դի­սա­նայ աշ­խար­հի հնա­գոյն փոք­րա­մաս­նա­կան օ­րա­թեր­թե­րէն մին։ Ա­ւա­գու­թեան այս հան­գա­մանք­նե­րը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն ա­ղերս ու­նին օ­րա­թեր­թի ա­ռա­քե­լու­թեան եւ ցարդ ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան հետ։ Ար­դա­րեւ, այդ ա­ռա­քե­լու­թեան կեն­սա­գործ­ման սկզբունք­ներն ու ե­ղա­նակ­նե­րը ե­ղած են եր­կա­րա­կեա­ցու­թեան գրա­ւա­կան­ներ։

Այս վիթ­խա­րի ո­դի­սա­կա­նի ա­կունք­նե­րուն կը գտնուին Մի­սաք եւ Սար­գիս Գօ­չու­նեան եղ­բայր­նե­րը, ար­դէն ի­րենց ու­րոյն տե­ղը գրա­ւած ըլ­լա­լով հայ մամ­լոյ պատ­մու­թեան մէջ։ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի հիմ­նա­դիր­նե­րը ա­ռանց­քա­յին դէմ­քեր էին ա­րեւմ­տա­հա­յոց կեան­քէն ներս, ի­րենց ապ­րած ու գոր­ծած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին։ Մի­սաք Գօ­չու­նեան, գրա­կան ա­նու­նով Քա­սիմ, յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան մըն էր։ Լրագ­րա­կան կեան­քէ ներս հա­րուստ փոր­ձա­ռու­թիւն կու­տա­կե­լէ վերջ ստեղ­ծած էր ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը։ Ան յայտ­նի հրա­պա­րա­կա­գիր էր, թեր­թօն վէ­պե­րու եւ այլ եր­կե­րու հե­ղի­նակ, ինչ­պէս նաեւ կրթա­կան մշակ։ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի «Մա­տեան ող­բեր­գու­թեան» կո­թո­ղա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջին ան­գամ աշ­խար­հա­բա­րի վե­րա­ծուած էր Մի­սաք Գօ­չու­նեա­նի կող­մէ։ Հա­սա­րա­կու­թեան մօտ իր վա­յե­լած հե­ղի­նա­կու­թեան զու­գա­հեռ ան ընտ­րուած էր նաեւ ազ­գա­յին պատ­գա­մա­ւոր։ 1863 թուա­կա­նին ծնած Մի­սաք Գօ­չու­նեան մա­հա­ցած էր հա­զիւ յի­սուն տա­րե­կան հա­սա­կին՝ 1913 թուա­կա­նին եւ իր յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան օ­րը դամ­բա­նա­խօս­նե­րու կար­գին գտնուած էին եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Տ. Մա­ղա­քիա Արք. Օր­մա­նեա­նի եւ Ե­րուանդ Օ­տեա­նի նման դէմ­քեր։ Հարկ է նշել, որ 2013 թուա­կա­նին նշուե­ցան Մի­սաք Գօ­չու­նեա­նի ծննդեան 150-ա­մեայ եւ մա­հուան 100-ա­մեայ յո­բե­լեան­նե­րը։ Ան ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը հիմ­նած էր իր կրտսեր եղ­բօր՝ Սար­գիս Գօ­չու­նեա­նի հետ։ Եր­կու եղ­բայր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ փոխլ­րաց­ման հան­գա­մանք կը ներ­կա­յաց­նէր։ Ար­դա­րեւ, Սար­գիս Գօ­չու­նեան (1867-1926) Օս­մա­նեան պե­տու­թեան տա­րած­քէն ներս մամ­լոյ ծա­նու­ցում­նե­րու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­ն հիմ­նած ա­ռա­ջին ձեռ­նե­րէց­նե­րու կար­գին էր։ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ա­մուր հիմ­քե­րու վրայ հաս­տատ­ման գծով ան եւս ու­նե­ցած էր իր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Վար­չա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ շու­տով անհ­րա­ժեշտ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ձեռք բե­րած էր նաեւ լրագ­րա­կան գետ­նի վրայ։ Սար­գիս Գօ­չու­նեանն ալ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լած ա­նուն մըն էր։ Ե­ղած էր Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան ելմ­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ եւ նոյն պատ­րիար­քու­թեան Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տ։ Իր գոր­ծու­նէու­թեան ամ­բող­ջին մէջ յատ­կան­շա­կան հանգ­րուան մը բնո­րո­շած է Հայ գի­րե­րու գիւ­տի 1500-ա­մեա­կին եւ Հայ­կա­կան տպագ­րու­թեան 400-ա­մեա­կին առ­թիւ Պոլ­սոյ մէջ ա­ւե­լի քան դար մը ա­ռաջ կազ­մա­կեր­պուած յո­բե­լե­նա­կան մեծ հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ար­տա­սա­նած ճա­ռը։

Մի­սաք Գօ­չու­նեա­նի մա­հէն վերջ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի կա­յաց­ման ճա­նա­պար­հին կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ Սար­գիս Գօ­չու­նեա­նի ջան­քը։ Մի­ջոց մը այս օ­րա­թեր­թը հրա­տա­րա­կուե­ցաւ որ­պէս միա­ցեալ թերթ «Ժո­ղո­վուր­դի Ձայ­նը Ժա­մա­նակ» ա­նու­նով։ Իսկ երբ գրաքն­նու­թեան հե­տե­ւան­քով թեր­թին հա­մար փակ­ման պա­տիժ­ներ կը սահ­մա­նուէին, շրջա­նի վա­րիչ­նե­րը ան­մի­ջա­պէս ու­րիշ ա­նու­նով մը կը հրա­տա­րա­կէին ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ը՝ ա­պա­հո­վե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ ա­նոր յա­րա­տե­ւու­թիւնն ու շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը։ Շրջա­նի օ­րէնսդ­րու­թեան պայ­ման­նե­րով ճա­րուած ելք մըն էր այս տար­բե­րա­կը։ Այդ ժա­մա­նա­կա­ւոր ա­նուն­նե­րու շար­քին ա­մե­նա­յայտ­նին է «Հե­ռա­ձայն»ը։ Ինչ­պէս «Ժո­ղո­վուր­դի Ձայ­նը Ժա­մա­նակ»ի պա­րա­գա­յին, այն­պէս ալ «Հե­ռա­ձայն»ի եւ այլ ա­նուն­նե­րու ա­տեն միշտ կը պահ­պա­նուէր բուն ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թին հա­մա­րը, կը նշուէր հիմ­նադ­րին ա­նու­նը եւ նոյ­նիսկ թեր­թօն­նե­րու հեր­թա­կան հա­մար­նե­րը կ՚ու­նե­նա­յին յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւն։