12/18/2025
Մեր իմաստասէրի իմաստասիրութեան մասին համապարփակ իմաստասիրական գործ մը ոչ մէկ տեղ կը գտնէք։ Բոլորին ալ գլուխէն վեր գործ է։ Այդ կարգի մասնագէտ առ այսաւր գոյութիւն չունի նոյնիսկ Գերմանիոյ մէջ։ Աշխարհը նաեւ կարծէք երթալով կը տափակնայ։ Ո՞վ պիտի ընէ այդ կարգի գործ մը։ Լաւագոյն մասնագէտ մը անշուշտ։ Մէկը, որ իր կեանքէն առնուազն 30 տարի անոր իմաստասիրութեան ուսումնասիրութեան յատկացուցած է։ Դասախաւսնե՞րը։ Համալսարանը որոնցմէ կը պահանջէ, որ շո՛ւտ գիրք գրեն, վայրկեան մը առաջ հրատարակեն, որպէսզի համալսարանին անունը բարձրանայ, այլապէս կրնան զանոնք նոյնիսկ դուրս նետել համալսարանէն՝ ըսելով, թէ աշխատանքին պայմանները չե՛ն լրացներ։
Փորձեցէ՛ք համոզել համալսարանական ղեկավարութիւն մը, որ դուք ձեռնարկած էք գործի մը, զոր 40 տարի ետք պիտի հրատարակէք։ Եթէ չափազանց բարեմիտ ըլլան, կ’ըսեն ձեզի՝ մաս առ մաս գոնէ ընթացքին բաներ մը հրատարակեցէք, որպէսզի մենք ալ մեր պայմանները լրացնենք։ Կ’ըսէք՝ անկարելի է. մեծ գաղտնիք է. պէտք չէ դուրս ելլէ, ոչ մէկը երեսին նոյնիսկ արտաւնուած չէ նայելու։ Այս դասախաւսներն ալ շատ յաճախ ալ սուտուփուտ բաներ մը կը հրատարակեն։ Եթէ համալսարաններու գրադարաններուն դարանները ուշի-ուշով աչքէ անցընէք, կը տեսնէք, որ կէսը այսպիսի սուտուփուտ գիրքեր են այս կամ այն դասախաւսին կողմէ գրուած։ Մէջը՝ գլխուցաւը աւգուտէն շատ։ Լաւագոյն պարագային այս մասնագէտները մասնակի կարեւորութեան գիրքեր կը հրատարակեն։ Մէկ ալ՝ հոս-հոն պէտք է դիմեն, դրամաշնորհներ ստանան եւ այլն։
Ասոր վրայ կայ նաեւ մէկ ա՛յլ բարդութիւն, մասամբ մը հոգեբանական։ Թէ մարդ ի՛նչպէս կրնայ իմաստասէրի մը մասին ամբողջական գիրք մը գրել, ո՛վ քեզի իրաւունք տուաւ, դուն ո՛վ եղար, որ ելեր ես, այդպիսի մեծ գործի մը կը ձեռնարկես։ Լաւագոյն պարագային յաւդուած մը պէտք է գրես, իսկ եթէ գիրք գրես, ապա շատ նեղ նիւթի մը մասին պէտք է ըլլայ գիրքդ, որպէսզի ակադեմական բարձր մակարդակի գործ մը ըլլայ։ Կրնաս եւ անշուշտ հետաքրքրակա՛ն նիւթ մը ընտրել։ Աւրինակի համար՝ "Այքմայք"-ի մարդաբանական պատկերացումներուն ենթաիրականութեանց գիտավերլուծողական ընդհանրութիւններուն ներթատերական վերացականութեանց գոյութենական մեկնակէտերուն եւրոպական աղբեւրներու դասակարգային ցանկաւորման վերադասաւորման անհրաժեշտականութիւնը հայեցակարգային նորայայտ եւ առ այսր չհրատարակուած տուեալներու սետողութեան վերատեսութեան վերընդհանրացումներուն հիմամբ:
Որո՞ւ համար է, որ կը գրեն իրենց գիրքերը։ Քրէախումբի՛ն։ Ակադեմական քրէախումբին։ Ամսական եւ պաշտաւն բարձրացնող մարմիններուն։ Ո՛չ ձեզի համար։ Ու այսպիսիք շատ լաւ սորված են, թէ որմէ՛ մէջբերումներ կատարեն, որո՛ւն անունը յիշեն եւ որո՛ւնը դուրս դնեն՝ պաշտաւնի եւ ամսականի բարձրացում ապահովելու համար։ Ասո՛նք են իմաստասիրութեան բո՛ւն թշնամիները, որ ողողած են աշխարհի բոլոր համալսարանները։
Մենք այս բոլորը իմանալո՛վ է նաեւ, որ դուրս եկած ենք այդ միջավայրէն՝ ձեզի այս գիրքերը պարգեւելու համար։ Պատկերացուցէք, որ ժամանակ վատնէինք այս բոզի ձագերու հիմնարկներէն դրամաշնորհ մուրալու՝ ըսելով, որ արեւմտահայերէնով «Այքմայք»-ի մասին գիրք պիտի գրենք եւ կէս միլիոն դոլարի պէտք ունինք, որպէսզի երթանք Գերմանիա եւ, քանի մը տարի հոն ապրելով, տեղւոյն վրայ թէ՛ գերմաներէնը սորվինք եւ թէ՛ արխիւները ուսումնասիրենք. լաւ կ’ըլլայ նաեւ, որ, մարդկութեան ապագային սիրոյն, քանզի ձեր ցարդ հովանաւորած բոլոր գիրքերն ալ աղբանոց թափուելիք բաներ են, 50.000 մըն ալ յատկացնէիք մեր կատուներուն, որոնք մեր անբաժան ընկերներն են։ Կեանքդ կը սպառես՝ առանց որեւէ արդիւնքի։ Թէկուզ եթէ այս ըսուածի 10 տոկոսին յաւակնիս։
Կարգ մը լաւագոյն մասնագէտներ տարակարծիք են մեր իմաստասէրի նշեալ տարիներու ժառանգութեան բնոյթին մասին։ Հետեւաբար կենսական է սերտել ժառանգութիւնը ինքնին։ Մի՛շտ ալ այդպէս է. սա կարճ ատենէն կը հասկնաք, երբ դառնաք լուրջ ուսանողներ կամ բանասէրներ ո՛րեւէ մարզի մէջ։ Քու տեսածդ ուրիշը չի տեսներ, քու կարեւորածդ ուրիշը չի կարեւորեր, քու վերաբերածիդ ուրիշը չի վերաբերիր։ Այլ սովորաբար այդ ուրիշները իրարու հետ կը խաւսին նախապէս լռելեայն համաձայնեցուած կաղապարներու միջոցաւ, լռելեայն համաձայնեցուած հարցերու մասին՝ լռելեայն համաձայնեցուած նպատակներով, որոնք իրենց սեպհականն են եւ ոչ թէ քուկինդ։ Ասոր կ’ըսենք՝ ակադեմական եւ ներմշակութային քրէախումբ։ Զանոնք հետաքրքրածը յաճախ քեզ չի հետաքրքրեր, իսկ քեզ հետաքրքրածը կրնայ զանոնք ընդհանրապէս չհետաքրքրել։ Այն հայերը, որոնք կը դասաւանդեն անոնց համալսարաններուն մէջ, եթէ ոչ բոլորը, ապա գրեթէ բոլորը, իրենց միտքը եւ հոգին վաճառած են անոնց նպատակներուն եւ հետաքրքրութիւններուն, քանզի կը կարենան անոնց միջավայրին մէջ անո՛նց մոգոնած չափանիշներով “յաջողութեան” հասնիլ լոկ անո՛նց կրկնաւրինակը դառնալով բոլոր առումներով, անո՛նց հարցերուն, խնդիրներուն եւ նպատակներուն ստրկաբար ծառայելով։
Իսկ ի՛նչ արժէք ունի կրկնաւրինակ մը, երբ անոնք կրկնաւրինակին բուն աւրինակն իսկ են։ Զերոյ։ Լաւագոյն պարագային՝ ամսականի ապրանք։ Գործաւոր։ Գերի՝ փայլփլուն քանի մը թուղթով գնուած։ Ստրուկ մինչեւ մահ ի փառս մէկ այլ լեզուի, մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան, մէկ ա՛յլ ըլլալու կերպի, մէկ ա՛յլ եղելութենական գործընթացի՝ այլո՛ց չափանիշներով եւ արժէքներով առաջնորդուող։ Իսկ դեռ՝ այլոց պատգամաւորը քու ազգիդ մէջ։
Սովորաբար մեր իմաստասէրին մասին առկայ գրականութիւնը կը վերաբերի անոր նշեալ հինգ տարիներու մտաւոր արգասիքին։ Ընդհանրական վերլուծութիւնները նոյնիսկ լաւագոյն առկայ մասնագէտներու կողմէ կը վերաբերին սահմանափակ ոլորտներու, որոնք իրենց հերթին կը տառապին բովանդակ Արեւմուտքը կլանած ակադեմական անյուռթի մտածելակերպերու տարրակարգական ու յաճախ անպէտք արտադրանքով։ Գիրքը ծայրէ-ծայր աչքէ կ’անցընես եւ “ասոր ի՛նչը կարդամ” կ’ըսես։ Երեսուն գիրք քով-քովի կը դնես եւ դուն քեզի հարց կու տաս. “Ի՞նչ է այս երեսուն գիրքերուն իրարմէ տարբերութիւնը”։ Էապէս գրեթէ ոչ մէկ բան։ Երեսուն մարդ, բոլորը զիրար կը ճանչնան, բոլորը նոյն ձեւով կը մտածեն, նո՛յն բառապաշարով, նո՛յն եզրաշարերով՝ մէկը մեւսէն անպէտք ակադեմական յաւրինուածքներ։ Ծո, կ’ըսես, եթէ ասոնց գրածները 2.000 տարի ետք մէկը կարդայ, դեռ չըսենք՝ 20.000, ի՛նչ կ’ըսէ, եթէ ոչ՝ “ասոնք բոլորն ալ խելքով անդամալոյծ, նախապաշարեալ, թափաւնային եզրերով վարակուած անբուժելի հիւանդներ են. յիմարանոցի թեկնածուներ”։ Բոլորը իրարո՛ւ հետ կը խաւսին՝ իրենց հիւանդոտ ու խլինքոտ բառերով ինքզինքնին իրարու ապացուցելով. եւ մի՛միայն իրարու հետ կը խաւսին։ Սա յիմարանոց է. քրէախումբ է եւ ո՛չ թէ իմաստասիրութիւն։
Տուած դրամդ ալ մէջը կ’երթայ։ Սուղ-սուղ գիրքեր։ Մէկ գիրք, երկու գիրք, երեք գիրք. բոլորը՝ նոյնը։ Խաւսքի աւրինակ, մարդիկ կան, որոնք բարոյաբանութեան մասին 3.000 էջ գիրք կը գրեն, մէջը 3 էջ կարդալիք բան չես գտներ։ Ի՛նչ ձեւով կ’աշխատի այս մարդոց ուղեղը, Աստուած միայն գիտէ։ Իրենց ամբողջ խելքին թափաւնը առկայ կաղապարներու մէջ կը լեցնեն։ Առանց այդ կաղապարներուն՝ նոյնիսկ մտածելու ի վիճակի չեն. նո՛յնիսկ մէկ տող գրելու։ Ոչ ալ, եթէ կարենան մտածել, ոեւէ մէկը գրածնին դիւրին-դիւրին կը տպէ։ “Ակադեմական մակարդակ” կոչածդ վերածուած է միտքի կղկղանքի գունազարդման եւ վերաձեւաւորման մասնագիտութեան։ Աղբ արտադրող աղբի մասնագէտներ ամէնուր։ Բովանդակ Արեւմուտքը ողողուած է այս տեսակի աղբով։ Մարդիկ զիրար շոյելով ստեղծած են ակադեմական կառոյցներ՝ լայն իմաստով։ Համալսարաններն ու հրատարակչատուները մաս կը կազմեն այդ ընդհանուր կառոյցին։ Բովանդակ Արեւմուտքդ կատարեալ Բաբեղովնի աշտարակ մըն է։ Աղբի աշտարակ։ Այդ աղբանոցին մէջ երբեմն արժէքաւոր բաներ մը կը գտնես։ Որակը կ’իրագործուի քանակով։ Հազար հոգի եթէ նոյն նիւթին մասին գրեն, ինչպէս ալ ըլլայ՝ մէջէն երկուքին գրածը բանի մը կը նմանի։
Մենք այդպիսի ճոխութեան տեղ չունինք։ Իրենց պէս կայսրութիւն չենք՝ բոլոր ազգերուն մտաւոր սերուցքը մէջերնին ձուլող, որպէսզի ատոր մէկ տոկոսէն աւգտուին. ա՛յդպէս է, որ կը բանին կայսրութիւնները, գոնէ Արեւմուտք կոչուած Բաբեղովնի աշտարակը։ Բոլորն ալ նոյնն են՝ առնուազն կարողականաւրէն։ Փոքր ազգ ենք։ Շռայլութեան տեղ չունինք այդ կարգի աղբանոց ստեղծելու՝ առանց տակը թաղուելու։ Եւ այս աղբին տարբեր տեսակներն են, ահա, որոնք անկաս մուտք կը գործեն Արեւելահայաստանի Մեռելապետութիւն եւ լայն շուկայ կը գտնեն ինքնասիրահարուած ապուշներու շրջանակներու մէջ՝ ազգ կերտելու փոխարէն ազգը վերածելով Արեւմուտքի աշտարակին ծառայող շինանիւթի։ Քանզի առաջին իսկ աւրէն երկրէն վտարուեցաւ ու աքսորուեցաւ միտքը՝ հա՛յ միտքն ու ոգին։ Եւ այդ մէկը տեղի ունեցաւ ա՛յս իսկ նպատակաւ՝ հայ միտքը գերեզմանելու, հայ միտքի եւ քաղաքակրթութեան ծնունդը գերեզմանելու նպատակաւ։ Իսկ ամէնուր ինքզինքնին տրամադրող պատեհապաշտներ կա՛ն, մի՛շտ եղած են եւ մի՛շտ ալ կ’ըլլան՝ անձնական փառքի ու իշխանութեան համար ազգի մը միտքը գերեզմանող։
Այսպիսիքի դրամաւորումով ու յառաջմղումով է, որ կայսրութիւնները իրենց թէ՛ քաղաքակական եւ թէ՛ մշակութային, կրթական, լեզուական ու առհասարակ քաղաքակրթական աշխարհակալական ծրագիրները կը բանեցնեն՝ երեսը նոյնիսկ չնայելով հա՛յ քաղաքակրթութիւն, արեւմտահա՛յ քաղաքակրթութիւն ստեղծողներուն, այլ, ընդհակառակն, անոնց ձայնը խեղդելով իրենց դրամաւորած ու “կրթած” մարդուկներու բանակներուն միջոցաւ եւ իրենց արտածած մշակութային, գրական ու քաղաքակրթական ժխորին մէջ։ Այս կրթեալք, փայփայեալք, պաշտպանեալք եւ դրամաւորեալք աւտար կայսրութեանց աշտարակներուն ծառայող տեղական սատրապներն են՝ ժողովրդավարաբար ընտրուած՝ յիմարացած ու յիմարացուած զանգուածներու կողմէ, կամ սոյն ընտրեալներուն կողմէ նշանակուած ու յաճախ պաշտաիրայնացած։
ԿԱՐԴԱՑԷՔ ՄԵՐ ԳԻՐՔԵՐԸ.
Վերոբերեալին կարգի հատուածները մեր նիւթերէն պարագայական շեղումներ են, որոնք կը վերաբերին մեր ժամանակին: Ի վերջոյ իւրաքանչիւր գրող իր ժամանակին մարդն է եւ անտարբեր չի կրնար ըլլալ իր ապրած ժամանակին նկատմամբ:
1) ՀՆԱԳՈՅՆ ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԻՄԱՍՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
2) ՀՆԱԳՈՅՆ ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԲԱՐՈՅԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ—ՔԱՂԱՔԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
3) ՏՈՒՆ ՏԻՏԱՆԱՑ—ՍԱՍՄԱՅ ՏԱՆ ԵՐԵՔ ՊԱՏՈՒՄ ՆՈՐ ՄԵԿՆՈՒԹԵԱՄԲ
4) ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ԲԱՂԴԱՍԱՐՈՅ—ՀԱՅԱՇՈՒՆՉ-ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ Մատեան Ա.
5) ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ԽՈՐ ՄԱՆՈՒԿԻ—ՀԱՅԱՇՈՒՆՉ-ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ Մատեան Բ.
6) EXPRAEDIUM
Բոլոր գիրքերուն յղումները կը գտնէք մեր էջին վրայ: Առայժմ Երզնկայ Հրատարկչատունը մեր գիրքերը առցանց կը տրամադրէ անվճար:
ԱՐՄԷՆ Ա.
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋԻՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵՀԵԱՆ ԲԱՂԴԱՍԱՐՈՅ
էշերու թուակապութեամբ`
2025 Դեկտեմբեր 18